Ժոմպլաթ Զգուշացուց Սայտան Սադրանքներու Առաջնորդելէ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անդրադարձաւ Սայտայի կողմէ իսրայէլեան ներխուժումին դէմ ցուցաբերուած դիմադրութեան, որ Լեռնալիբանանէն մինչեւ Պէյրութ, Հարաւային արուարձաններ, Իքլիմ Խարրուպ, հարաւ եւ Սայտա երկարող դիմադրութեան արդիւնք էր:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը արդար պայքարի արդիւնք է, որ ծնունդ առած է լիբանանեան Ազգային շարժումին ընդմէջէն ու քաղաքական կուսակցութիւններու շարժումներէն եւ կատարելագործուած է Դիմադրութեան հերոսական քայլերով:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ դէպի ազգային երկխօսութիւն վերադարձը եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ նշուած երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան վերաբերող կարգ մը կէտերը կ՛երաշխաւորեն, որ Դիմադրութեան զէնքը ուղղուած մնայ Իսրայէլի դէմ` ի պաշտպանութիւն Լիբանանի, ինչպէս նաեւ անիկա ենթակայ ըլլայ լիբանանեան պետութեան հրահանգներուն:
Ժոմպլաթ զգուշացուց Սայտան սադրանքներու առաջնորդելէ:
Ան կոչ ուղղեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործող բոլոր յանցագործները դատական իշխանութիւններուն յանձնուին:
Սուրիոյ մասին կատարած իր անդրադարձին մէջ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր երկրին հրկիզումը կը շարունակուի, իսկ միջազգային ընտանիքը տակաւին խորհրդաժողովներ կազմակերպելու եւ կայացնելու ջանքին մէջ է. խորհրդաժողովներ, որոնք ցարդ կը մնան ապարդիւն:

