Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Նախագահական Պալատին Մուտքին Կատարեց Իր Նստացոյցը
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ իր նստացոյցը կայացուց նախագահական պալատին մուտքին` Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահած կառավարութեան նիստին ընթացքին:
Լիբանանեան տարբեր շրջաններէ Պաապտա ժամանեցին հարիւրաւոր ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնք հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կոչ ուղղեցին վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումները եւ յարգելու ուսուցիչներուն իրաւունքները:
Աշակերտները զօրակցութիւն յայտնեցին իրենց դասատուներուն իրաւունքներուն, իսկ ուսուցիչները ընդգծեցին, որ պետական քննութիւններուն ճակատագիրը իրենց ենթակայ է, եւ եթէ իրենց իրաւունքները չտրուին, ապա պետական քննութիւններ պիտի չկատարուին:
Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր իր նստացոյցը պիտի կատարէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Պաաքլինի մէջ եւ քայլարշաւ մը պիտի կազմակերպէ դէպի Պէյթէտտինի սերայը:
Իսկ հինգշաբթի օր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի կազմակերպուի Ուսուցչաց տօնին յատուկ ձեռնարկ մը:

