Զօր. Աուն Զարմանք Յայտնեց Նախագահին Եւ Վարչապետին Կողմէ Ընտրական Յանձնախումբերու Կազմութեան Հրաւէրին Վաւերացումին Առնչութեամբ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց նախագահին եւ վարչապետին կողմէ ընտրական յանձնախումբերու կազմութեան հրաւէրին վաւերացումին առնչութեամբ:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ նախագահն ու վարչապետը իրենք էին, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերը քաջալերեցին ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով եւ իրենք էին, որ մերժեցին 1960-ի ընտրական օրէնքը, բայց եւ այնպէս անոնք այդ օրէնքին հիման վրայ է, որ ընտրական յանձնախումբերու կազմութեան հրաւէր-շրջաբերականը ստորագրեցին:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը հողին յանձնուած է, եւ անոր հիման վրայ ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին համաձայն: «Այսինքն` Քոնելլին եւ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններ պէտք չունին շեշտելու երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին թեր քուէարկելու, այդ օրինագիծին խորհրդարանի լիագումար նիստին փոխանցուելէն ետք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES