«Կառչած Կը Մնանք Կառավարութեան Ընտրական Օրինագիծին Եւ «Պաապտայի Յայտարարութեան»» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Միքաթի` Աքքարի իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աքքարի միւֆթի շէյխ Զէյտ Պաքար Զաքարիան, որ կը գլխաւորէր Աքքարի իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Աքքարի վերաբերող շարք մը հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ

ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ` հաստատելով, որ ինք պիտի չնախագահէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնող կառավարութեան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներդաշնակ չէ` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունին շարք մը հարցեր, որոնց շուրջ կ՛արձանագրուին տարակարծութիւններ, որոնք սովորաբար կը յետաձգուին, երբ անոնց շուրջ բանավէճ կ՛արձանագրուի:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը միագոյն չէ` միաժամանակ նշելով, որ իրենք ունին լուրջ հարց մը, որովհետեւ ընդդիմութիւնը միայն վարկաբեկելով զբաղած է. ան յոյս յայտնեց, որ կարելի եղածին չափ շուտ կարելի ըլլայ վերադառնալ խորհրդարան եւ լսել կառավարութեան դէմ ընդդիմութեան պատճառները:

Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք յանձնառու է կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծին: Ան շեշտեց, որ ինք կը հրաժարի իր փափաքած պահուն եւ ոչ ոք կրնայ զինք պարտադրանքներուն բեռին տակ դնել:

Միքաթի ընդգծեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը հակասահմանադրական է եւ իբրեւ այդպիսին խորհրդարանի լիագումար նիստին վաւերացումին պիտի չարժանանայ:

Ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականը ստորագրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք այդ քայլին դիմած է, որովհետեւ 1960-ի ընտրական օրէնքը օրինական է, «թէեւ այդ օրէնքին գործադրութիւնը կը վնասէ իմ անձնական շահերուս»:

Պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետը վերահաստատեց, որ իրենք ոչ մէկ որոշում պիտի տան ճնշումի տակ` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին քննարկումը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 21 մարտէն ետք: Ան կոչ ուղղեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին` վերջ տալու իր յայտարարած բաց գործադուլին:

«Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքական է, սակայն բանակը իր դերակատարութիւնը լիովին կը կատարէ: Երկրին ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնելու մեծ որոշումներ չկան, եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին Ազգային երկխօսութեան նիստերուն սկսելու եւ վաւերացնելու Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը: Ան ըսաւ, որ Իսրայէլի դէմ ցցուած Դիմադրութեան զէնքը սուրբ է, սակայն կարիք չկայ զայն ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ դարձնելու:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Սուրիոյ հարցով Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքն է չէզոքութիւնը, եւ կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու այդ կեցուածքին եւ «Պաապտայի յայտարարութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )