Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք չէր փափաքեր, որ այս հանգրուանին հասնի կացութիւնը, սակայն հասած ենք այդ հանգրուանին` հակառակ անոր որ ճիգ չխնայեցինք համախոհութեան յանգելու եւ անհրաժեշտ ժամանակն ու առիթը տուինք յանգելու համախոհութեան:
«Ցաւ ի սիրտ, ձգձգումներէ եւ բազմաթիւ անգամներ նիստերը յետաձգելէ ետք կարելի եղաւ կայացնել խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստը եւ ապա անոր կազմած ընտրական օրինագիծի քննարկման ենթայանձնախումբին նիստերը: Այսօր մենք հասած ենք այնպիսի թուականի մը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կրնան ստիպուած զգալ ընտրական յանձնախումբերուն կազմութեան հրաւէրը ստորագրելու: Տեղ մը թերեւս կը հասկնանք, որ անիկա օրինական կամքէ բխած է, սակայն անոր փոխարէն կրնանք նաեւ հաստատել, որ անոր զուգահեռ կայ համախոհութիւնը եւ լիբանանցիներուն կամքը, որոնք եւս օրէնքներ եւ սահմանադրութիւն կը հաստատեն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Նկատի ունենալով այս հանգրուանին հասնելու իրականութիւնը` անհրաժեշտ կը նկատենք շարունակել խորհրդարանական ընթացքը եւ անկեղծօրէն կրնանք հաստատել, որ Տոհայի օրէնքին անկարելի է վերադառնալ: Տոհայի ընտրական օրէնքը արդիւնք էր որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին տիրած պայմաններու եւ մենք արդէն շրջանցած ենք այդ պայմանները: Մենք փորձեցինք Տոհայի ընտրական օրէնքը եւ փաստեցինք, որ անիկա կը սրէ եւ կը խորացնէ միջլիբանանեան երկփեղկումը` առանց ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու բոլոր լիբանանցիներուն, բոլոր համայնքներուն եւ բոլոր յարանուանութիւններուն»:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ Պքերքէի մէջ քրիստոնէական քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ որոշեցին հողին յանձնել Տոհայի ընտրական օրէնքը:
«Իսկ այսօր մենք Ս. Զատկուան տօնին սեմին կը գտնուինք եւ պէտք է հաւատանք, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը պիտի չյառնի: Մենք տակաւին առիթ ունինք համախոհութիւն գոյացնելու եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնները` սկսեալ երեսփոխաններէն, հասնելով մինչեւ վարչապետն ու հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի կարենանք օգտուիլ ժամանակէն եւ յանգիլ ընտրական օրէնքի մը, որ կ՛արտօնէ բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն` ճշգրիտ եւ արդար ներկայացուցչութեան արժանանալու, պահպանելով լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: