Կառավարութիւնը Գումարեց Փոթորկոտ Նիստ Մը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 61 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականին ստորագրութիւնը` հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կողմէ, կառավարութեան նիստը դարձուց փոթորկոտ:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախագահական պալատէն յայտնեց, որ ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականին ստորագրութիւնը իր մահկանացուն կնքած 1960-ի ընտրական օրէնքը վերակենդանացնելու փորձ մըն է:
Խալիլ հաստատեց, որ Տոհայի օրէնքին մէջ նշուած է, թէ այդ օրէնքին հիման վրայ միայն մէկ անգամ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի կատարուին:
Ան յայտնեց, որ օրակարգէ դուրս արծարծուած է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարը` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը խորհրդարան չփոխանցելու պատճառ մը չկայ:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի չկատարուին:
Երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականին վաւերացումը չի նշանակեր, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի կատարուին:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւն կատարելը անիմաստ է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ներկայ խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգել կամ նոր խորհրդարան մը նշանակել:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք եւ վարչապետ Միքաթի ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականը ստորագրած են` յարգելու համար օրինականութիւնը եւ իրենց պատասխանատուութիւնները:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ ե՛ւ նախագահ Սլէյման, ե՛ւ վարչապետ Միքաթի հաստատած են, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը մահաքունի մէջ է, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
Օրակարգէ դուրս քննարկուեցաւ նաեւ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը, որուն վերաբերեալ կարգ մը նախարարներ շեշտեցին, որ ազգային պատասխանատուութիւնը կը մղէ զիրենք քննարկելու այդ թղթածրարը` աւելցնելով, որ պէտք չէ զայն ձգձգել եւ անկէ փախուստ տալ` «մենք ճնշումներու չենք ենթարկուիր» արտայայտութիւնը որդեգրելով:


