Վրաստանի Իշխող Պլոքի Հետ Քննարկուած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնալու Հարցը

Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք-դեմոկրատական Վրաստան» համաձայնական պլոքի քաղաքական քարտուղար Սոզար Սուպարիի հետ հանդիպումին ընթացքին Վրաստանի հայ համայնքի վարչութեան ներկայացուցիչները քննարկած են վիրահայ համայնքին վերաբերող խնդիրներ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Ռուսլան Պօղոսեան եւ կուսակցութիւնը ներկայացնող այլ անձեր:

Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր նոր կառավարութեան ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել վիրահայութեան խնդիրները, առաջարկել անոնց լուծման ուղիներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ մայրաքաղաքի մէջ Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրման եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու կարելիութեան վերաբերող հարցեր:

Վրաստանի հայ համայնքը կ՛ակնկալէ համապատասխան քայլեր` խնդիրներու լուծման համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )