Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Ժաք Ֆոր եւ նախարար Նալբանդեան

3 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի, Եան Քելլիի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Քննարկուեցան արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցներու վերաբերեալ եռանախագահներու կողմէ նախորդ հանդիպման ընթացքին կատարուած առաջարկին:

Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ համանախագահներու` յառաջիկային շրջան կատարելիք այցելութեան շուրջ:

Էդուարդ Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն` համանախագահներուն հետ նախորդ երկու հանդիպումներուն ժամանակ համաձայնուած միացեալ մամլոյ հաղորդագրութիւնները ազրպէյճանական կողմը ոչ միայն այդպէս ալ չհրապարակեց, այլեւ, արդէն բնորոշ դարձած ոճով, ներկայացուց քննարկուած հարցերու հետ առնչութիւն չունեցող հաղորդագրութիւններ: Արդէն աւանդութիւն դարձած էր, երբ ազրպէյճանական կողմը կը մերժէ եռանախագահներու կողմէ ներկայացուած առաջարկները եւ յետոյ մտահոգութիւն կը յայտնէ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ:

Նախարար Նալբանդեան վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց համանախագահներուն` կարեւոր եւ հետեւողական միջնորդական առաքելութեան համար, որուն վկայութիւնն են նաեւ եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ լ’Աքվիլայի, Մուսքոքայի, Տովիլիի եւ Լոս-Քապոսի մէջ կատարուած միացեալ յայտարարութիւնները:

Նալբանդեան վերահաստատեց, որ Հայաստան համանախագահներու հետ միասին պիտի շարունակէ ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման:

Մամետեարովի Հետ Հանդիպումը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 2 մարտին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եան Քելլիի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Ժաք Ֆորի (Ֆրանսա) հետ:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, իսկ օրակարգի վրայ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծումը:

Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, համանախագահները ընդգծած են, որ շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպումին ընթացքին նշած է, թէ «Հայաստանի ոչ կառուցողական դիրքորոշումը կը խոչընդոտէ տագնապին լուծումը»: «Մամետեարով նշած է, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու եւ խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար անհրաժեշտ է, որ հայկական զօրքերը դուրս բերուին Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES