Քամերոն Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Սարգսեանը
Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերընտրուելուն առիթով:
Քամերոնի ուղերձին մէջ նշուած է, որ 18 փետրուարին նախագահական ընտրութիւնները քայլ մը առաջ էին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ: Ըստ Քամերոնի, միջազգային դէտերը ընդհանուր առմամբ ընտրութիւնները կը գնահատեն իբրեւ լաւ կազմակերպուած եւ հիմնարար ազատութիւններուն համահունչ: Վարչապետը նշեց, որ այս գնահատականը յատկապէս ողջունելի է, քանի որ Հայաստան կը ցանկայ խորացնել Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները:
Տէյվիտ Քամերոն վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի դիտարկեն, թէ ինչպէ՛ս կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել միջազգային դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցած հաւանական որեւէ առաջարկին:
«Մեծն Բրիտանիա եւ Հայաստան ունին երկկողմանի երկարատեւ ամուր համագործակցային յարաբերութիւններ: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ձեզի` ապահովելու հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը, որուն անոնք արժանի են, յատկապէս, որ անոր հասնելու համար դուք կանգնած էք դժուար որոշումներ տալու առջեւ եւ կ՛իրականացնէք պահանջուող բարեփոխումներ: Ես ձեզի կը մաղթեմ ամենայն բարին` պաշտօնավարման երկրորդ նստաշրջանին ընթացքին: Եւ կ՛ակնկալեմ մեր կառավարութիւններու համագործակցութիւնը` ի շահ երկու երկիրներուն», նշուած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետին շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

