«Մեր Գործը Պիտի Ընենք Եւ Երբեք Պիտի Չթուլնանք» Յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան

Արձանագրելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան չընդունեցին իր հրաւէրը` Երեւանի Ազատութեան հրապարակ գալու, հաշուետուութիւն ներկայացնելու ժողովուրդին, ապա հրաժարական տալու, Հայաստանի նախագահի նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ այսպիսով այլեւս խօսքով ընելիք չունի, կը մնայ միայն գործ կատարել:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ իրենք հետեւողականութեամբ պիտի կատարեն իրենց գործը համալսարաններուն, հրապարակին ու մարզերուն մէջ  եւ պիտի չթուլնան:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան այսօր իսկ պիտի վերսկսի մարզային այցելութիւններուն. պիտի այցելէ Տաւուշի մարզի քանի մը քաղաքները, ապա վաղը` Թալին, Արթիկ, ապա դարձեալ Վանաձոր, Գիւմրի, Սպիտակ եւ Ապարան: Յովհաննէսեան հանրահաւաքներ պիտի կազմակերպէ 8 եւ 10 մարտին. ան խոստացաւ, որ այդ օրը, բոլոր անոնք, որոնք կը քննադատեն զինք` թէ Րաֆֆին ծրագիր չունի, պիտի տեսնեն այդ ծրագիրի բեկումը:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ հանդիպումներ ծրագրած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան այցելող Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ: Երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին անդրադառնալով ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարան բողոքարկելու իր որոշումին` Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ դիմումին հիմքը նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի վերջին զեկուցումն է:

Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի պահանջեն, որ տարբեր անկախ մասնագիտական կազմակերպութիւններու գնահատականը դառնայ Սահմանադրական դատարանի քննարկման առանցքը:

Ընդդիմադիր ղեկավարը յայտնեց, որ ասիկա դատարանին եւ բոլոր դատաւորներուն` Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, վերջին կարելիութիւնն է կիրարկելու սահմանադրութիւնը եւ օրէնքի իշխանութիւնը:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը երէկ Ազատութիւն հրապարակին վրայ ամպիոնէն յայտարարեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները իրենց աշխարհաքաղաքական նեղ շահերէն մեկնելով հակաժողովրդավարական, ամօթալի քայլ կատարեցին` ճանչնալով ապօրինի, ոչ օրինական նախագահը:

«Տակաւին ուշ չէ վերանայման համար, եւ ես պատրաստ եմ Օպամայէն մինչեւ Փութին, մինչեւ Հոլլանտ, հանդիպելու անոնց հետ եւ թոյլ տալու, որ իրենք ունենան այդ մեծութիւնը` վերատեսութեան ենթարկելու համար իրենց կատարած հսկայ սխալը», աւելցուց ան:

Բայց քանի տակաւին ատիկա տեղի չէ ունեցած, ըստ Յովհաննէսեանի, այլեւս անկարելի է ճանչնալ Մինսքի խմբակի գործառոյթները եւ անոր հինցած, աւելորդ ու ուժը կորսնցուցած յայտնի սկզբունքները:

Յարգանք` Վազգէն Սարգսեանի` Յիշատակին

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ համոզում յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ Ժառանգութեան ղեկավարը գործողութիւններու ծրագիր չ՛առաջարկեր հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին, մինչեւ այս կիրակի պիտի ստանան իրենց պատասխանը եւ 10 մարտէն ետք «այլեւս այսպիսի բաներ պիտի չըսեն»:

Յովհաննէսեան այս խօսքը արտասանեց «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ, ուր այցելած էր յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 54-րդ տարեդարձին առիթով:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք աշխուժ քննարկումներու մէջ է ոչ իշխանական քաղաքական ուժերու հետ եւ բաց է հաղորդակցութեան բոլորին հետ ու կը շարունակէ խորհրդակցութիւնը:

Ան նաեւ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` յայտարարելով, որ չի կարծեր, որ բացայայտուած են 27 հոկտեմբեր 1999-ի ոճրագործութեան հեղինակները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES