Լիթուանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Հայաստան

6-7 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով Երեւան պիտի այցելէ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիավիչիուսը:

Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի ընդունի Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Share this Article
CATEGORIES