50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1963)

Վ. Համբարձումեան Պատուոյ Անդամ
Աւստրալիոյ
Համալսարանի

Աւստրալիոյ պետական համալսարանի տնօրէն խորհուրդը իր գումարած վերջին նիստի ընթացքին որոշեց համալսարանի պատուակալ անդամութեան վկայական շնորհել անուանի աստղագէտ եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանին:

Համալսարանի պատուակալ անդամի վկայականը Վիքթոր Համբարձումեանին պիտի յանձնուի Աւստրալիոյ մէջ կայանալիք Միջազգային աստղագէտներու համաժողովի ընթացքին:

Ամերիկացի Երաժիշտները
Կը
Գնահատեն Հայերու Գործերը

Ամերիկացի երաժշտական քննադատ Ն. Սլոնիմըսքի բարձր գնահատեց հայ յօրինողներու գործը:

Ան յայտարարեց, թէ խորհրդային երաժշտութեան ամէնէն տպաւորիչ գործերու շարքին կարելի է դասել Թադէոսեանի սիմֆոնիան:

Ամերիկացի քննադատը շեշտեց, թէ Էտկար Յովհաննիսեանի սիմֆոնիան տրամաթիքական լարուած բնոյթ ունի, ինչպէս նաեւ` մտածումի խորութիւն ու պատկերներու ցայտունութիւն:

Ադամ Խուտոյեանի թաւջութակի համար գրած քոնչերթոյին անդրադառնալով` Ն. Սլոնիմսքի ըսաւ, թէ Տվորժաքի քոնչերթոյէն ետք թաւջութակի համար գրուած այնպիսի երաժշտութիւն երբեք չէ լսած ինք:

Ամերիկացի երաժշտական քննադատը այցելած է Մոսկուա, Փեթերսպուրկ, Քիեւ, Թիֆլիս, Երեւան եւ Պաքու:

Հայաստան

Եղիշէ Չարենցի
Ամբողջական
Երկերը

Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիան ձեռնամուխ եղած է Եղիշէ Չարենցի երկերուն հրատարակութեան` վեց հատորով, որ պիտի լրանայ մինչեւ 1966:

Հատորներուն մէջ պիտի ամփոփուին Եղիշէ Չարենցի ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ` մէջն ըլլալով անտիպ գործերը:

– Ժիւլ Վեռնի բոլոր գործերը լոյս պիտի տեսնեն տասը հատորով: Հատորները դասաւորուած են հետեւեալ ձեւով. առաջին հատոր` «Հինգ շաբաթ օդապարիկում», «Երկրից դէպի լուսին»: Երկրորդ հատոր` «Լուսնի շուրջը», «Տակն ի վեր», «Ուղեւորութիւն դէպի երկրի կենտրոնը»: Երրորդ հատոր` «Նաւապետ Կրանտի որդիները»: Չորրորդ հատոր` «20.000 լիոյ ջրի տակ»: Հինգերորդ հատոր` «Խորհրդաւոր կղզի»: Վեցերորդ հատոր` «Աշխարհի տիրակալը», «Պլեֆ» (Ամերիկեան բարքեր): Եօթներորդ հատոր` «Տասնհինգամեայ նաւապետը», «Սեւ Հնդկաստանը»: Ութերորդ հատոր` «Պեկումի հինգ հարիւր միլիոնը», «Արշիպելակը կրակի մէջ»: Իններորդ հատոր` «Ռոպուր նուաճողը», «Լողացող կղզին»: Տասներորդ հատոր` «Հեքթոր Սերվատակ», «Չենոլեը», «Ուղեւոր Ժ. Ռ. Կազալլոնի օրագիրը», «Տոքթոր Օքս»:

Պարսկահայ Երրորդ Կարաւանը

Փետրուարին Պաքու եւ ապա Հայաստան ժամանած են ներգաղթող վաթսուն պարսկահայեր: Պարսկահայ  երրորդ կարաւանն է այս:

Երեւանի Ձմեռները

Երեւանի եւ ամբողջ Արարատեան դաշտին մէջ տաք, չոր, սակաւաձիւն ձմեռներ յաճախ եղած են: Վերջին 10 տարուան ընթացքին ամէնէն տաք ձմեռը եղած է 1938-1939-ին: Սակաւաձիւն եղած էին նաեւ 1923-ին, 1954-1958 ձմեռները: Եղած են տարիներ, երբ օդին նուազագոյն ջերմաստիճանը – 10-էն վար չէ իջած, իսկ ցերեկները տաքութիւնը հասած է + 12-15 աստիճանի:

Սակայն եղած են նաեւ խստաշունչ, ձիւնառատ ձմեռներ, ինչպէս, օրինակ, 1886, 1887 եւ 1961 տարիները, երբ յունուարին օդին ջերմաստիճանը հասած է – 25-էն 27 աստիճանի: Երեւանի մէջ ամէնէն ցուրտ օդը ըրած է 1933 յունուար 31-ին` (- 27,3 աստիճան):

Խաղողը Կը Փճանայ

Հազարաւոր թոն խաղող փճացած է, կը գրեն «Սովետական Հայաստան»-ի մէջ «Փրաւտա»-ի եւ «Սովետական Հայաստան»-ի թղթակիցները` Գ. Առաքելեան եւ Կ. Տոնոյեան: Պատճա՞ռը: Պէտք եղած թիւով գործարաններ եւ պահեստներ չկան: Արդարեւ, մինչ խաղողի բերքը տարուէ տարի կ՛աճի մեծ քանակութեամբ, գինիի եւ խաղողի մշակութեան գործարաններուն թիւը կը մնայ նոյնը:

«Սասուն»

205 էջերէ կազմուած համանուն գրքի մը մէջ Եղիազար Կարապետեան ազգագրական տեղեկութիւններ կու տայ Սասնոյ ժողովուրդին մասին: Գիրքը ունի յաւելուած մը` «Սասնոյ հարսանիք» եւ բառարան մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES