Մարտ 8-ը` Կնոջ Միջազգային Օր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Վաղը` մարտ 8-ը, Կնոջ միջազգային օրն է: Առաջին անգամ այս օրը նշուած է 1909-ի փետրուար 28-ին, հետագային անիկա փոխադրուած է մարտ 8-ին:

1909-էն ի վեր, ամէն տարի Կնոջ միջազգային օրը բնաբան մը կ՛որդեգրէ. այս տարուանը հետեւեալն է` «Խոստումը խոստում է. ժամանակն է գործի լծուելու` վերջ տալու համար կնոջ հանդէպ գործադրուող վայրագութեանց»:

Այս օրը աշխարհի չորս ծագերուն կը նշուի խորհրդանշական ցոյցերով, տօնակատարութիւններով, խորհրդաժողովներով` փառաբանելու համար կնոջ ձեռք բերած նուաճումները` տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, բայց նաեւ` պահանջելու ցարդ ձեռք չբերուած իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ` բարելաւելու աշխարհի բոլոր կիներուն իրավիճակը, յատկապէս` որ զարգացած երկիրներու մէջ:

Մարտ 8-ը կարգ մը երկիրներու մէջ կորսնցուցած է իր իմաստը եւ միաձուլուած է Մայրերու օրուան եւ սիրահարներու օրուան հետ: Այս օրը մեծ շուքով կը նշուէր Խորհդային Միութեան ամբողջ տարածքին եւ բնականաբար Հայաստանի մէջ:

Մեր օրերուն մարտ 8-ը պաշտօնական արձակուրդի օր է շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Քուպայի, Մոլտաւիոյ, Ռուսիոյ, Վիեթնամի, Քամպոտիոյ, Պուրքինա Ֆասոյի, Հայաստանի եւ այլն…

Ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, Մատակասքարին եւ Նեփալին, մարտ 8-ը աշխատանքային օր չէ մի միայն կիներուն համար:

Ընդհանրապէս ընդունուած սովորութիւն է մարտ 8-ին ծաղիկ կամ խորհրդանշական բան մը նուիրել կնոջ, մօր, քրոջ կամ աղջկան:

– Հայաստանի մէջ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, մարտ 8-ի տօնակատարութիւնները կորսնցուցին իրենց շուքը, փոխարէնը մեծ ժողովրդականութիւն գտած է «Գեղեցկութեան եւ մայրութեան» օրը, որ որպէս պետական տօն կը նշուի ապրիլ 7-ին:

– Իտալիոյ, Ռուսիոյ եւ Ալպանիոյ մէջ սովորութիւն է մարտ 8-ին դեղին միմոզա կամ տուրմ նուիրել կիներուն:

– Պրազիլի, Պուլկարիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Լաթվիոյ մէջ աշակերտները ծաղիկ կը նուիրեն իրենց ուսուցչուհիներուն, իսկ տղամարդիկ` ծաղիկ իրենց կին պաշտօնակիցներուն:

– Փորթուգալի մէջ կիները առանձին կը հաւաքուին եւ կերուխումի խնճոյքներ կը կազմակերպեն:

Մաղթենք, որ Կնոջ միջազգային օրը ձեւական տօնակատարութիւններու սահմաններուն մէջ չմնան, եւ աշխարհի բոլոր կիները տիրանան իրենց իրաւունքներուն:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ինչպէ՞ս Սկսիլ Օրը Առանց
Կամակորութիւններու

Յաճախ կը պատահի այնպէս, որ երեխան առաւօտեան կամակորութիւններ կ՛ընէ, կը մերժէ անկողինէն դուրս գալ, պատրաստուիլ, դպրոց երթալ…

Իսկ մայրերը կը ստիպուին բարկանալ, յանդիմանել եւ առտուան «բարի լոյսը» կը վերածուի իսկական մղձաւանջի: Ինչպէ՞ս խուսափիլ այս բոլորէն եւ օրը սկսիլ բարձր տրամադրութեամբ ու առանց կամակորութիւններու:

Ա.- Միշտ յիշել, որ նոր օրը կը սկսի այն պահէն, երբ երեխան կը քնանայ: Ուրեմն նախքան անկողին մտցնելը պէտք է զայն տրամադրել եւ պատրաստել յաջորդ օրուան: Այսպէս, բացատրել, թէ վաղը իրեն նոր օր մը կը սպասէ, պիտի գտնէ իր դասընկերները, պիտի խաղան եւ զրուցեն միասին, յետմիջօրէին իր սիրած կերակուրը պիտի ուտէ եւ, ինչո՞ւ չէ, իր նախասիրած քաղցրեղէնը:

Երբեք չձգել, որ մտահոգ կամ նեղուած վիճակով երեխան քունի անցնի, քանի որ գիշերը ան պիտի տառապի, անախորժ երազներ պիտի տեսնէ եւ բնականաբար առաւօտեան անտրամադիր պիտի արթննայ:

Նախքան անկողին ղրկելը` պէտք է հանգստացնել երեխան, փարատել անոր մտահոգութիւնները եւ թեթեւ կատակով մը սենեակ ղրկել:

Բ.- Կարելի չէ երեխան առաւօտեան կտրուկ արթնցնել: Թելադրելի է համբուրել անոր ճակատը, շոյել մազերը եւ ականջին շշնջալ, որ պէտք է արթննայ:

Կարելի է անոր հարցնել տեսած երազին մասին, միասին մեկնաբանել երազը (անշուշտ` միշտ դրական ձեւով), հարցնել, թէ կէսօրին ի՞նչ կ՛ուզէ ուտել եւ այլն…

Մասնագէտներ նաեւ կը թելադրեն, որ երեխային սենեակը դեղին գոյնի իրեր ըլլան, բարձ, խաղալիք, վարագոյր, սաւանեղէն… Անոնց կարծիքով, դեղինը գոյներէն ամէնէն դրականն է եւ միաժամանակ` արթնցնողը:

Գ.- Միասին որոշումներ տալ: Արտօնել, որ երեխան ընտրէ իր հագուելիքները, սանտրուածքի ձեւը եւ այլն… երեխաները կ՛ախորժին, երբ իրենց կարեւորութիւն կը տրուի եւ իրենց կարծիքը կ՛առնուի: Անշուշտ մայրը միշտ ալ միջամտելու է ի հարկին արգիլելու, բայց` անուշութեամբ եւ բացատրութիւն տալով:

Քիչ մը համբերութեամբ եւ քանի մը անուշ խօսքով կարելի է փափկացնել ամէնէն կամակոր երեխան իսկ եւ առաւօտը սկսիլ դրական տրամադրութեամբ:

 

Ծաղիկներու Լեզուն

Տօներու առիթով իրարու ծաղիկ նուիրելը, կամ ծաղիկներու միջոցով ուշադրութիւն, համակրանք կամ սէր ցուցաբերելը հինէն եկած սովորութիւն է: Սակայն իւրաքանչիւր ծաղիկի տեսակ եւ գոյն իր նշանակութիւնը ունի: Եկէք` ծանօթանանք մէկ քանիին:

– Կարմիր վարդը սիրոյ եւ կիրքի խորհրդանիշ է:

– Սպիտակ վարդը համեստութեան եւ փափկանկատութիւն կը խորհրդանշէ:

– Դեղին վարդը երջանկութեան խորհրդանիշ է: Տարածուած է այն սխալ կարծիքը, թէ դեղին վարդը նախանձի խորհրդանիշ է:

– Աքասիան գաղտնի սիրոյ խորհրդանիշ է:

– Նարնջագոյն շուշանը հետաքրքրութեան խորհրդանիշ է:

– Սպիտակ շուշանը մաքրութիւն, վեհութիւն եւ ազնուութիւն կը խորհրդանշէ:

– Արեւածաղիկը հպարտութեան խորհրդանիշ է:

– Միմոզան ազնիւ զգացումներու, բայց նաեւ ամչկոտութեան խորհրդանիշ է:

– Զանգակածաղիկը համակերպութիւն եւ հնազանդութիւն կը խորհրդանշէ:

– Իրիսը վստահութեան, իմաստութեան, հաւատքի եւ յոյսի խորհրդանիշ է:

Ծաղիկներու տեսակին եւ գոյնին հետ կապուած այս համոզումներէն անդին, իմանանք, որ փունջ մը ծաղիկը անպայման որ մեծ հաճոյք կը պատճառէ ստացողին: Պայման չէ, որ փունջը մեծ ըլլայ, սակայն պայման է, որ իսկական, թարմ ծաղիկներ նուիրէք. սրտանց եւ ժպիտով նուիրուած ամէնէն փոքրիկ փունջն իսկ կ՛երջանկացնէ ստացողը:

 

Խոհագիր

Թոփիկ
(Պահքի Հայկական Քէօֆթէ)

Բաղադրութիւն

– 2 գաւաթ սիսեռ` թրջուած ջուրին մէջ 24 ժամ
– 6 գաւաթ պաղ ջուր
– 2 միջակ գետնախնձոր` խաշած կեղեւով
– 1 1/2 թէյի դգալ աղ
– Ճերմակ փոշի պղպեղ
– 1 ապուրի դգալ կարմիր պղպեղի խիւս
– 1 ապուրի դգալ չոր անանուխ

Միջուկը

– 3 խոշոր սոխ` կիսուած եւ շերտուած
– 2 ապուրի դգալ ջուր
– 1/2 թէյի դգալ անուշ պահար
– 1/2 թէյի դգալ քիմիոն` ըստ ցանկութեան կամ 2 թ. դգալ չոր անանուխ
– 1/4 գաւաթ սնոպար
– 1/4 գաւաթ չամիչ
– 3/4 գաւաթ թահին
– Աղ
– Սեւ փոշի պղպեղ

Հիւրասիրելու համար

– Եռացած ջուր` աղով
– Ձէթ
– Կարմիր փոշի պղպեղ եւ քիմիոն
– Լեմոնի շերտեր
– Ազատքեղի ցօղուններ` զարդարանքի համար

Սիսեռը կեղուելու ձեւը

Առնել ափ մը թրջուած սիսեռէն եւ երկու ձեռքերուն ափով իրարու շփել սիսեռներուն հատիկները, վերադարձնել ամանին մէջ եւ առնել այլ ափ մը սիսեռ եւ լուալ: Վերցնել ջուրին երեսը ծփացող սիսեռներուն կեղեւները:

Պատրաստութիւն

1.- Հանել սիսեռին կեղեւը եւ ջաղացքով փիւրէյի վերածել զայն:

2.- Կեղուել խաշած գետնախնձորը եւ պատառաքաղով ճզմել ու խառնել զայն սիսեռի փիւրէյին հետ: Աւելցնել աղը, ճերմակ պղպեղը եւ պղպեղի խիւսը:

3.- Դնել շերտուած սոխերը ջուրով կաթսային մէջ, գոցել կափարիչը եւ եփել միջակ կրակի վրայ 10 վայրկեան, ապա վերցնել կափարիչը եւ մէկդի ձգել, որպէսզի խոնաւութիւնը շոգիանայ: Պարպել քամոցի մը մէջ, պաղեցնել ու քամել:

4.- Աւելցնել անուշ պահարը, քիմիոնը կամ չոր անանուխը սնոպարն ու չամիչը սոխն ու լաւ մը խառնել, ապա դնել թահինը, աղն ու պղպեղը:

5.- Առնել 8 կտոր ճերմակ քառակուսի լաթ` իւրաքանչիւրը 15-20 սմ չափով եւ թաթխել եռացած ջուրին մէջ: Պաղեցնել լաթերը եւ լաւ մը քամել:

6.- Բանալ քառակուսի լաթ մը սեղանին վրայ եւ 1 ափ սիսեռի փիւրէէն  դնել մէջտեղը, հաւասարապէս տարածել զայն եւ սփաթիւլայով հարթել մակերեսը, միջուկէն զետեղել սիսեռի փիւրէին մէջտեղը եւ տարածել զայն:

7.- Լաթին անկիւնները վեր առնել եւ կապել ծրարիկներու ձեւով եւ այս գործողութիւնը կրկնել միւս 7 թոփիկներուն հետ:

8.- Խոշոր կաթսային կէսը լեցնել ջուրով, եռացնել եւ դնել 1 ապուրի դգալ աղ:

9.- Եռալէն ետք, դնել թոփիկները կաթսային մէջ, գոցել կափարիչը եւ եռացնել 12-15 վայրկեան կամ` մինչեւ որ թոփիկները ծփան ջուրին երեսը եւ ամրանան:

10.- Հանել թոփիկները, շրջել եւ զետեղել քամոցի մը մէջ, ցամքեցնել  աւելորդ ջուրն ու ձգել, որ շատ լաւ պաղի:

11.- Քակել լաթը եւ իւրաքանչիւր թոփիկի վրայ սրսկել քիչ մը ձէթ եւ ցանել քիմիոնն ու կարմիր փոշի պղպեղը:

12.- Հիւրասիրելու համար կիսել իւրաքանչիւր թոփիկ եւ հաստ շերտերու վերածել: Ձէթ եւ լեմոնի հիւթ կարելի է աւելցնել շերտերուն վրայ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տեսարան

Ամառ օրով
Ծառերուն տակ փռուեր նստեր են մարդիկ
Բարձ ու փսիաթ, սան ու տապակ, կուժ ու պնակ,
Կրակարան, օրօրոց
Բան չեն մոռցեր. եւ ամէնքով օրուան համը կը հանեն…

Յանկարծ ամպ մը, տեղատարափ մը սաստիկ
Տակնուվրայ կ՛ընէ ամէնքն – ամէն բան…

Բոլոր ծառերն անմիջապէս կ՛ուզեն մէկմէկ հովանոցի վերածուիլ
Բայց կայծակէն կը վախնան

Օդը կ՛ուզէ անջրանցիկ մեծ վրանի մը փոխուիլ
Սակայն հովէն կը վախնայ

Հողը կ՛ուզէ գիրկը բանալ – ըլլալ շուտով պատսպարան մ՛առժամեայ
Բայց եւ այնպէս ջրհեղեղէն կը վախնայ

Լոյսը կ՛ուզէ միակտուր ապակիի շերտ մը դառնալ գլխուն վերեւ ամէնուն
Սակայն ան ալ որոտումէն կը վախնայ.

Իսկ արեւը վար կը նայի ու կը դիտէ տեսարանն այս եզական
Եւ կը զուարճանայ…:

Զ. ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES