Գաղութէ Գաղութ
Սումկայիթեան Նահատակներու 25-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
* Կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային վարչութիւններուն, 22 փետրուարին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
Վիեննա
Փետրուար 24-ին Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց ձեռնարկ` Վիեննայի հայ առաքելական եկեղեցական համայնքի հանդիսութիւններու սրահին մէջ: Ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Արտաշէս Գեղամեան, աւստրիացի գրող, թարգմանիչ, արցախեան շարժման ականատես Հերպերթ Մաուրեր, համայնքի վարչութեան անդամ Համբարձում Յարթունեան, երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներ: Կազմակերպուեցաւ նաեւ 1988-ի սումկայիթեան ջարդերուն եւ գերմանական ու աւստրիական մամուլի մէջ այդ իրադարձութիւններուն արձագանգներուն նուիրուած լուսանկարչական եւ փաստագրական վաւերագրերու ցուցահանդէս: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ տեղի ունեցաւ սումկայիթեան ջարդերուն նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն: Աւարտին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Վիեննայի կեդրոնական հրապարակ` Շտեֆանսպլաց, ուր գործադրուեցաւ բողոքի ցոյց:
Վրաստան
Փետրուար 28-ին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սումկայիթի եւ այլ բնակավայրերու մէջ հայութեան հանդէպ կատարուած ոճրագործութեան: Այնուհետեւ «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ: Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ 20-րդ դարու վերջաւորութեան Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հովանաւորութեամբ իրականացուած վայրագութիւններուն եւ մինչեւ օրս շարունակուող պատմական փաստերու խեղաթիւրման եւ զեղծարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ներկայի բանակցային գործընթացին մէջ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ապակառուցողական մօտեցումներուն եւ հայատեացութեան քարոզչութեան ուղղուած անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանքներուն: Ապա Արցախի պատմութեան եւ անոր ազգաբնակչութեան ինքնորոշման օրինական պահանջի վերաբերեալ պատմական եւ փաստավաւերագրական դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ պատմաբան Կարէն Յովհաննէսեան: Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուեցաւ սումկայիթեան եւ Պաքուի եւ Մարաղայի իրադարձութիւններուն մասին պատմող փաստավաւերագրական ժապաւէններէն հատուածներ: Աւարտին գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը:
Փարիզ
Փետրուար 24-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց յիշատակի երթ դէպի Փարիզի Երեւանեան այգի, ուր Կոմիտասի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Նոյն օրը պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի 20 քաղաքներու եկեղեցիներուն մէջ:
Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակին, 26 փետրուարին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ «Սումկայիթեան ջարդերէն 25 տարի վերջ. Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ապագայի հեռանկարները, խորագրով ասուլիս:
Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեղեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմական ակունքները եւ 1988-ին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման պայքարի նոր փուլը, որուն որպէս հետեւանք կազմակերպուեցան եւ իրականացուեցան հայերու ջարդերը Սումկայիթի մէջ:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի նախագահ Ռընէ Ռուքէ:
Ժընեւ
Փետրուար 24-ին Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն` եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած խաչքարին մօտ: Այնուհետեւ համայնքային կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Սովորական ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ժապաւէնը: Խօսք առին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայրիկ քհնյ. Յովհաննէսեան եւ Հայաստանի արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Սաթենիկ Աբգարեան:
Հոլանտա
Փետրուար 24-ին Հոլանտայի «Աբովեան» մշակութային միութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան պայքարի 25 տարիներու ձեռքբերումներուն եւ շեշտեց սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայ ժողովուրդին կողմէ միասնական ու նպատակասլաց ջանքերու գործադրման կարեւորութիւնը` պայքարը իր յաղթական աւարտին հասցնելու և երկար սպասուած խաղաղութիւնը հաստատելու համար: Ապա ելոյթ ունեցաւ Ամսթերտամի համալսարանի դասախօս, Կովկասի հարցերով փորձագէտ, դոկտ. Շարլոթ Հիլլ` «Լեռնային Ղարաբաղը 25 տարիներու պայքարէն ետք. ո՞ւր կանգնած ենք հիմա» խորագրով դասախօսութեամբ:
Փետրուար 26-ին Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին անդամներուն հետ եւ փոխանցեցին Հայ դատի յանձնախումբին պահանջագիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի վերաբերեալ` տեղեկատուութիւն տրամադրելով սումկայիթեան ջարդերու եւ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան մասին:
* Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին 27 փետրուարին Ազրպէյճանի դեսպանութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ ցոյց:
Մոսկուա
Փետրուար 28-ին Մոսկուայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն: Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան ելոյթ ունենալով` ընդգծեց, որ Ռուսիոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները, յուշ-երեկոները կը նպատակադրեն վերստին յարգանքի տուրք մատուցել Սումկայիթի մէջ զոհուած անմեղ հայերու յիշատակին եւ դատապարտել 1988-ի սարսափելի իրադարձութիւնները:
Յունաստան
Փետրուար 24-ին, Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սումկայիթեան սպանդի 25-ամեակին: Հոգեհանգիստի աւարտին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ զոհերուն յիշատակը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:
Փետրուար 24-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Սահակ վրդ. Եմիշեան: Ան իր քարոզին մէջ յիշատակեց 25 տարիներ առաջ պատահած դէպքերը, որոնց զոհ դարձան անմեղ հայրենակիցներ: Աւարտին ժողովուրդը ուղղուեցաւ Ցիմիսքի փողոցին անկիւնը գտնուող հայկական խաչքար¬յուշակոթողին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում: ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անունով խօսք առաւ Արտաւազդ Սիմոնեան:
Փետրուար 24-ին Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան իր քարոզին մէջ յիշատակեց ազրպէյճանական քաղաքին մէջ ապրող հայ անմեղ բնակչութեան դէմ գործուած ոճիրի դէպքը` խստօրէն դատապարտելով հայութեան դէմ հալածանքներու Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը:
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ երկրին մէջ գործող հայկական համայնքային կառոյցներուն, 27 փետրուարին Աթէնքի Նիա Զմիռնի թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Զանգակ» յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերուն յիշատակը խնկարկելով` հպարտութեամբ պիտի արձանագրուի նաեւ ղարաբաղեան շարժման 25-ամեակը: Խօսք առաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Դաւիթ Պետրոսեան, որ անդրադարձաւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած եղելութիւններուն եւ պարզեց շարունակուող ազերիական յարձակողապաշտ մօտեցումները: Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
* Երեկոյեան տեղի ունեցաւ յունահայ երիտասարդութեան բողոքի ցոյցը Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ: Աւարտին ցուցարարներուն կողմէ Ազրպէյճանի դեսպանութեան ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ բողոքի նամակ:
Պուլկարիա
Փետրուար 24-ին Պուլկարիոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան եւ եկեղեցական արարողութիւններ, ինչպէս նաեւ` ծաղկեպսակներու զետեղում: Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն: Ան ցաւով յայտնեց, թէ ցարդ միջազգային հանրութիւնը քաղաքական եւ իրաւական լիարժէք գնահատական չէ տուած կատարուած դէպքին, եւ յոյս յայտնեց,որ ժամանակակից մարտահրաւէրները կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել միասնաբար, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հզօր ներուժով, համերաշխութեամբ եւ նուիրումով:
*
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին, 27 փետրուարին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան` «Սումկայիթ. ողբերգութենէն 25 տարի վերջ» խորագրով: Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Սումկայիթը դարձած է Հայաստանի հետ վերամիաւորման պահանջով Արցախի հայութեան օրինական կամքի արտայայտման պատասխանը եւ ամբողջ խորհրդային շրջանին ազրպէյճանական իշխանութիւններու վարած հայատեաց քաղաքականութեան մարմնացումը, ընդգծելով, որ Սումկայիթի ջարդերուն մասնակցած ազրպէյճանցի հրոսակները ոչ միայն չդատապարտուեցան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, այլեւ արժանացան պետական բարձր պարգեւներու եւ պաշտօններու: Զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ պուլկարահայ եւ պուլկար մտաւորականներ ու գիտնականներ, որոնք անդրադարձան ոչ միայն բուն սումկայիթեան իրադարձութիւններուն, այլեւ` հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ պարբերաբար իրականացուող տեղահանման քաղաքականութեան, դատապարտեցին սումկայիթեան ջարդերը եւ առաջարկեցին կազմել դատապարտող յայտարարագիր եւ հրապարակել զայն:
Պիելոռուսիա
* Կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայկական համայնքային կառոյցներուն, 28 փետրուարին Մինսքի մէջ տեղադրուած հայկական խաչքար-յուշակոթողի մօտ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը 20-րդ դարուն հայերու դէմ իրագործուած ջարդերուն շարունակութիւնն էր` բացայայտելով հոն բնակող հայութեան համար նախապատրաստած յանցաւոր վճիռը,- աւելցնելով, որ այդ յանցաւոր ծրագրի իրականացումը հնարաւոր եղաւ խափանել միայն Արցախի մէջ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան արդիւնքով: Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Գահիրէ
* Կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայոց առաջնորդարանի «Պլըքտանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ զուգահեռ մը գծեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ սումկայիթեան ջարդերուն միջեւ, շեշտելով, որ զոյգ դէպքերուն ալ իսկական ոճրագործները մնացած են անպատիժ: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, ակադեմիայի թղթակից անդամ, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրի ծագման եւ զարգացման փուլերուն մասին, մինչեւ իրագործում, անդրադառնալով այն վաւերական փաստաթուղթերուն, որոնք կը հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան` երիտթուրքական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու փաստը: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն, դոկտոր փրոֆ. Կարէն Խաչատրեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ԼՂԻՄ ազգաբնակչութեան ինքնորոշման օրինական պահանջի որպէս պատասխան` Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւնները 1988թ. փետրուարին կազմակերպեցին եւ իրագործեցին Սումկայիթի ջարդերը, որուն յաջորդեցին նաեւ Պաքուի, Գանձակի, Մարաղայի եւ այլ բնակավայրերու հայերու ջարդերը: Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ցվեթանա Փասքալեւայի «Ղարաբաղի վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնը:Աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան:
Միացեալ Նահանգներ
Փետրուարի 24-ին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք դեսպան Կարէն Նազարեան ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արթուն կեցուածք որդեգրել Ազրպէյճանի կողմէ նոր թափով իրականացուող վտանգաւոր քարոզչութեան դէմ: Դեսպանը կոչ ուղղեց համախմբուելու հայոց պետականութեան, համայնքային կառոյցներու, եկեղեցւոյ շուրջ` սանձահարելու համար հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակութային ու հոգեւոր արժէքներու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի, ինքնիշխանութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները:
Փետրուար 27-ին ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ. սումկայիթեան յիշողութիններէն մինչեւ անկախ պետութիւնե խորագրով յուշ երեկոյ` նուիրուած սումկայիթեան զոհերու յիշատակին, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Սովորական ցեղասպանութիւն» ժապաւէնին անգլերէն տարբերակը եւ տեղի ունեցաւ Արցախի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը լուսաբանող լուսանկարներու ցուցահանդէս: Ձեռնարկին խօսք առին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչը:
Քանատա
* Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ աջակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 22-23 փետրուարին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ: ՀՅԴ Արցախի կազմի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց ղարաբաղեան շարժման պատմութիւնը:


