Շնորհահանդէս Եղիա Վրդ. Դերձակեանի «Կեանքի Ճանապարհին Վրայ» Գիրքին
Հինգշաբթի, 28 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ժիւնիի հայ կաթողիկէ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Եղիա վրդ. Դերձակեանի արաբերէնով գրած «Կեանքի Ճանապարհին վրայ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Արարողութեան ներկայ եղան Պէյրութի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետներ, Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան վարչական հայրեր եւ ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ «Թելէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանը եւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Հանդիսավարութիւն կատարեց Ղազար սրկ. Պետրոսեան: Ան նաեւ մատուցեց փունջ մը հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու շարան մը` իր խմբակին նուագակցութեամբ:
Ապա խօսք առաւ Հապիպ Եունես, որ խօսեցաւ հատորին մասին: Յաջորդեց հեղինակին սրտի խօսքը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ գիրքերու ստորագրութեամբ, հեղինակին կողմէ:
CATEGORIES Գաղութային