Էն. Պի. Էյ. Նիքս Յաղթեց Քաւալիրզի` Հակառակ Անթոնիի Վիրաւորուելուն

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն, Նիւ Եորք Նիքս 5 կէտի տարբերութեամբ` 102-97 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզի, հակառակ անոր որ յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի 2-րդ քորթըրին վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել: Նիքսի մարզիկ Ամարէ Սթուտեմիրէ նշանակեց 22 կէտ:

Մայեմի Հիթ 97-81 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզի: Յաղթական կազմի մարզիկ Տուայն Ուէյտ նշանակեց 32 կէտ, 10 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 102-97
Միլուոքի Պաքս – Եութա Ճեզ 109-108
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Օրլինզ 105-102
Մայեմի Հիթ – Մինեսոթա Վուլվզ 97-81
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս 104-88
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 122-105
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 125-118

Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տենվըր Նակեթց

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES