Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի 12-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը արձանագրեց իր 12-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 86-51 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Ժունիէի մէջ:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 11-27, 11-14, 12-26 եւ 11-19:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մարիօ Ապպուտ (20): Ապա յաջորդաբար` Յարութ Տեկիրմենճեան (16), Ռուտի Ֆարրաժ, Ճօ Ղաթթաս (12-ական) եւ Հայկ Խաչերեան (10):
CATEGORIES Մարզական