«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Շախտիոր Տոնեցք Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Ռէալ Մատրիտ եւ Պորուսիա Տորթմունտ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը` յաջորդաբար մրցաշարքէն դուրս ձգելով Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Շախտիոր Տոնեցքը:

Սպանական կազմը, որ երթին իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը, մինչ Պորուսիա Տորթմունտ, որ երթին Ուքրանիոյ մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:

«Օլտ Թրեֆորտ»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին սըր Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, երբ Ռէալի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց (58-րդ):

Մրցումին պատկերը որոշակիօրէն շրջուեցաւ, երբ անգլիական կազմին մարզիկներէն Նանի 56-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան թուրք իրաւարարէն Ճիւնէյթ Չաքըրէն:

Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Լուքա Մոտրիչ 66-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի կոլը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիկ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` Ռէալի յաղթանակի կոլը (69-րդ):

Մրցումը յատկանշական եղաւ Մանչեսթըրի մարզիկ Ռայըն Կիկզի համար (39 տարեկան), որ իր ակումբին հետ կատարեց իր 1000-րդ մրցումը:

Ինչ կը վերաբերի Տորթմունտի արձանագրած յաղթանակին (3-0), անոր կոլերը նշանակեցին Ֆելիփէ Սանթանա (31-րդ), Մարիօ Կոյեց (37-րդ) եւ Եաքուպ Պլասզիքովսքի (59-րդ):

Այսօր ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Սելթիքը, որուն երթին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր, մինչ երկրորդին, Փարիզ Սեն Ժերմեն` Վալենսիան, որուն յաղթած էր 2-1 արդիւնքով` Սպանիոյ մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES