Հայկազեան Համալսարանի Միջհամալսարանական Ճատրակի 11-րդ Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ համալսարանին միջհամալսարանական ճատրակի 11-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 37 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ համալսարանները.

«Էյ. Եու. Էս. Թի.», Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, Հայկազեան, Ամերիկեան-լիբանանեան համալսարանի, Պէյրութի եւ Ժիպէյլի մասնաճիւղեր, «Եու. Էս. Ժի.», Նոթրը Տամ Լուէյզի, Սպայից վարժարան, «Էյ. Եու. Էլ.», Անթունիէ Պաապտա եւ Պէյրութի արաբական համալսարան:

Տեղի ունեցան 6 հանգրուանի մրցումներ` ըստ զուիցերիական օրէնքին, հսկողութեամբ միջազգային իրաւարար Շարլ Քէյլիի:

Անհատական մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Մըհտի Քահուրի («Էյ. Եու. Էս. Թի.»), որ ապահովեց 5,5 կէտ: 5 կէտ ապահովելով 2-րդ դիրքը գրաւեց Ռազմիկ Օգնայեան (Հայկազեան), ապա յաջորդաբար 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը գրաւեցին Էլի Ասմար («Էյ. Եու. Էս. Թի.», 5 կէտ) եւ Ժիրայր Օգնայեան (Հայկազեան, 4,5 կէտ):

Ինչ կը վերաբերի խմբային դասաւորման, առաջին դիրքը 19 կէտով գրաւեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.», 2-րդ դիրքը` նախորդ տարուան տիտղոսակիր Հայկազեան (15 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարան (14,5 կէտ):

Նշենք, որ Օգնայեան եղբայրներէն բացի, Հայկազեան համալսարանի խումբին մաս կազմեցին Մեղրի Կիրակոսեան, Արա Ապաճեան եւ Սուրէն Թապաքեան, իսկ անոնց մարզիչն է` Գէորգ Կոստանեան:

Աւարտին Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան մասնակցողներուն իր ուղղած խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք մրցաշարքին մասնակցութեան իրենց ընդառաջումին համար, շեշտեց այս մարզաձեւին կարեւորութիւնը` ըսելով, որ իրարու հետ գործակցելով կարելի կ՛ըլլայ անիկա տարածել բոլորին մօտ:

Ապա տեղի ունեցաւ տիտղոսներու եւ մետալներու մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի մարզական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու Սահակ Պիտինեանի, համալսարաններու մարզիչներուն եւ ճատրակ խաղացողներուն:

Վերջապէս, մրցաշարքին մասնակցողները ճաշի հիւրը եղան կազմակերպիչ համալսարանին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES