Սերոբ Անդրէասեան Դարձաւ Ժիւտոյի Միջազգային Կարգի Իրաւարար
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայազգի Սերոբ Անդրէասեան դարձաւ ժիւտոյի միջազգային կարգի իրաւարար:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը նշուի, որ 1-3 մարտին Փրակայի մէջ (Չեխիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի բաց ախոյեանութեան միջազգային իրաւարարի քննութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերած Անդրէասեան, յաջողութեամբ աւարտելով այդ քննութիւնները, ստացած է միջազգային կարգի իրաւարարի կոչում:
Այսպիսով, Անդրէասեան կը հանդիսանայ Հայաստանը ներկայացնող 5-րդ միջազգային իրաւարարը:
CATEGORIES Մարզական

