Դահուկարշաւ. 7-10 Մարտին Միջազգային 23-րդ Շաբաթ` Քֆարզըպիանի Մէջ
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժունիէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 7-10 մարտին Մազար-Քֆարզըպիանի մէջ տեղի պիտի ունենայ դահուկարշաւի միջազգային 23-րդ շաբաթը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
Իր խօսքին մէջ ֆետերասիոնին նախագահը` Շարպել Սալամէ ըսաւ, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 14 երկիրներու ներկայացուցիչներ, ինչ որ կարելի է նկատել մեծապէս տպաւորիչ երեւոյթ մը:
Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի դահուկորդները իրենց ամէն կարելին կ՛ընեն` արձանագրելու համար տպաւորիչ արդիւնքներ, այնպէս ինչպէս կատարած էին վերջերս` Աւստրիոյ, Քանատայի եւ Ղազախստանի մէջ:
Նշենք, որ մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 7 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 14:00-ին, «Մըզար Ինթըրքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ (Ույուն Սիման, Քֆարզըպիան):

