50 ՏԱՐԻ ՏԱՐԻ ( 14 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՏՕՆԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Ամէն տարի Թրիփոլիի մէջ Ապրիլեան եղեռնի տարեդարձը կը կատարուի պատշաճ լրջութեամբ: Տեղւոյն թաղականութիւնները տարիներէ ի վեր պարտականութիւն սեպած են կազմակերպել համազգային չափանիշով սգահանդէսներ: Այս տարի եւս յատուկ կոչով ժողովուրդին հաղորդուեցաւ, թէ ապրիլ 24-ի առաւօտուն տեղի պիտի ունենայ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, իսկ նոյն իրիկունը սգահանդէս` վարժարանի սրահին մէջ:

Պատարագին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Բայց օր մը առաջ պատահած միջադէպ մը քաղաքին մէջ լարուած վիճակ մը ստեղծեց եւ այդ պատճառով իսկ թաղականութիւնը խոհեմութիւն նկատեց սգահանդէսը յետաձգել կիրակի, 30 ապրիլին:

Կիրակի կոկիկ բազմութիւն մը լեցուցած էր վարժարանին սրահը յայտարարուած ժամուն:

Թաղականութեան ատենապետ Շ. Մելիքեան հակիրճ կերպով բացատրեց օրուան իմաստը եւ շեշտեց, թէ Ապրիլեան եղեռնը մեզի կը թելադրէ աւելի սերտօրէն փարիլ  մեր ազգային զոյգ հաստատութեանց` դպրոց եւ եկեղեցի:

Նախագահի բացման խօսքէն ետք նուագուեցաւ Շոփենի մահերգը: Սեդա Թերճանեան յուզումով արտասանեց Սիամանթոյի «Խեղդամահը», վարժարանի աշակերտութիւնը յաջող կերպով երգեց Վ. Թէքէեանի «Անոնց համար, որ ինկան» երգը:

Օրուան բանախօսն էր Անթիլիասի դպրեվանքի ուսումնապետ Բիւզանդ Եղիայեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Պէյրութէն:

Բ. Եղիայեան ըսաւ, թէ մենք ունինք շատ մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ, բայց ապրիլ 24-ը տարբեր է անոնցմէ, որովհետեւ անոնք կը վերաբերին մեր ազգային կեանքի մէկ մասին միայն. մերթ լոկ կրօնական, մերթ լոկ մշակութային, ապրիլ 24-ը կ՛ընդգրկէ ցեղային ամբողջականութիւնը:

«Մեր կորուստը ամէն մարզի մէջ անհաշուելի է: Մենք կորսնցուցինք մեր դարաւոր մշակութային հարստութիւնները, մեր ժողովուրդի թիւին մէկ մեծ տոկոսը: Նիւթական վնասը անսահման է, իսկ ամէնէն աւելի մեզ ցնցողը եղաւ մեր ղեկավարներու եւ դպրութեանց մշակներու զանգուածային կորուստը: Բայց ունինք մխիթարութեան նշոյլ մը, մնացորդացը կարողացաւ համախմբուիլ նորէն, կազմակերպել ազգային կեանք եւ լծուիլ շինարար ու ստեղծագործ աշխատանքի: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ վերջնական յաղթանակը չի պատկանիր ջարդարարներուն, կողոպտիչներուն եւ բռնակալներուն, այլ` այն ժողովուրդներուն, որոնք ունին աշխատունակութիւն, շինարար եւ ստեղծագործ ոգի»:

Բանախօսութենէն ետք մեներգեց Ս. Շամլեան: Անգինէ Չոլաքեան իրեն յատուկ շեշտով ու յուզականութեամբ արտասանեց «Մօրս գերեզմանին»: Յաջող էր նաեւ վերջին զուգերգը:

Տէր հօր պահպանիչով վերջացաւ հանդէսը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՔՈԼԵՃԻ
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Պէյրութի Հայ աւետ. քոլեճը ամէն չորեքշաբթի, կէսօրէ առաջ Ե. պահուն ունի ատենամարզանքի պահ մը: Չորեքշաբթի, 3 մայիսի պահը յատկացուած էր քաղաքիս ծանօթ արտասանողներէն Խաչիկ Արարատեանին, որ պատասխանելով դպրոցիս գրական-գեղարուեստական յանձնախումբի հրաւէրին` եկած էր իր արտասանելու շնորհով մեզ հմայելու:

Ատենամարզանքի բացումը կատարեց դպրոցիս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, որ հակիրճ կերպով բացատրեց արտասանական արուեստին էութիւնը եւ ապա ներկայացուց օրուան հրաւիրեալը: Խաչիկ Արարատեան ներկայացաւ ճոխ յայտագիրով մը: Արտասանեց տասը կտոր հետեւեալ հեղինակներէն. Յ. Թումանեան, Վարուժան, Սիամանթօ, Թէքէեան, Մ. Իշխան, Սայաթ Նովա, Արշաւիր, Դարբնի, Համաստեղ, Սարմէն, Ռ. Քիփլինկ: Մասնաւոր հետաքրքրութեան եւ ծափահարութեան արժանացան Ա. Դարբնիի առակները, որոնք կը ներկայացնեն քծնող մարդուն տիպարը:

Խաչիկ Արարատեան իր այս ելոյթով ցոյց տուաւ, թէ հաւասարապէս կրնայ ապրիլ բանաստեղծին նուրբ եւ ուժգին զգացումները եւ այդ ապրումը փոխանցել իր ունկնդիրներուն:

Վերջաւորութեան դպրոցին տնօրէնը` Աբրահամ Ճիզմեճեան, իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց եւ ծաղկեփունջ մը նուիրեց դպրոցին կողմէ Խ. Արարատեանին` ի նշան խոր գնահատանքի:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES