Ե՞ՐԲ ԳԵՏՆԱՌԻՒԾԸ ԳՈՅՆ ԿԸ ՓՈԽԷ
Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին աւելի քան 90 գետնառիւծի տեսակներ: Կախարդի մը նման, գետնառիւծը ունի քանի մը երկվայրկեանէն գոյն փոխելու յատկութիւնը:
Այս պատճառով է, որ Ափրիկէի մէջ ան կը համարուի աստուածներու պատգամաբերը: Իր ծիածանի գոյներով ան կապ մըն է երկինքի աստուածներուն եւ աշխարհի վրայ մարդոց միջեւ:
Սակայն ինչպէ՞ս այս փոքրիկ անասունը կրնայ յաջողիլ նման հնարք մը կատարել: Իրականութեան մէջ բացատրութիւնը կախարդական չէ, այլ` գիտական: Իր հաստ, թեփաւոր եւ լոյսի զգայուն մորթին տակ գետնառիւծը ունի գոյն տուող նիւթերով յատուկ բջիջներ: Այդ բջիջները կը պարունակեն գոյներու մեծ շարք մը:
Այս գունաւոր բջիջները կրնան, քիմիական նուրբ եւ խրթին փոփոխութիւններու հետեւելով, մեծնալ կամ կծկուիլ, ընդլայնիլ, ճիւղաւորուիլ, լոյսին հետ խաղալ եւ ցոլքեր յառաջացնել: Այս ձեւով անոնք կը ստեղծեն գոյներու բազմաթիւ բաղադրութիւններ, ինչպէս գեղանկարիչ մը կ՛ընէ, երբ իրարու կը խառնէ իր գոյները` յառաջացնելով երանգներու անսահման շարք մը:
Գետնառիւծը կրնայ նաեւ կամաւոր ձեւով եւ պէտք եղած վայրկեանին բուսականութեան հետ միաձուլուիլ պահուըտելու համար զինք որսացող միւս անասուններէն: Սակայն ան կրնայ նաեւ սեւ դառնալ զայրացած ժամանակ, ճերմակ կամ դեղին բիծերով ծածկուիլ, երբ կը վախնայ, սրճագոյն, երբ շատ կը տաքնայ… մէկ խօսքով, գետնառիւծը «կը խօսի» իր մորթի գոյնով:
ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ
Մայրերու տօնին առիթով դուն կրնաս մօրդ, իբրեւ անակնկալ, նուիրել բացիկ մը: Զայն բանալով` մայրիկդ պիտի գտնէ գարնանային գեղեցիկ ծաղիկներու գոյնզգոյն փունջ մը:
Պէտք ունիս
Գունաւոր խաւաքարտի, ճերմակ թուղթի, գունաւոր ներկերու (մատիտ եւ չոր մելան), մկրատի, խէժի:
Բացատրութիւն

1.- Ճերմակ թուղթին վրայ գծէ գարնանային տեսակաւոր ծաղիկներ եւ զանոնք ներկէ չոր մելանով եւ մատիտէ ներկերով: Ապա անոր շուրջը ալիքաւոր ձեւով կտրէ:

3.- Ճերմակ թուղթին երկու ծայրերը ծալէ, ինչպէս նշուած է նկարին մէջ: Ապա թուղթը դարձուր եւ այդ բաժինները այս անգամ հակառակ ուղղութեամբ ծալէ:

4.- Թուղթը բաց եւ մէկ ծալուած կողմը դէպի ներս մտցուր: Նոյն ձեւով միւս կողմն ալ թուղթին մէջը անցուր: Թուղթը գոցէ եւ լաւ տափակցուր բոլոր ծալքերը:

5.- Գունաւոր խաւաքարտի կտոր մը երկուքի ծալէ. անոր վրայ փունջիդ թուղթը զետեղէ: Խաւաքարտը կտրէ թուղթին չափով:

6.- Թուղթին մէկ կողմին վրայ խէժ դիր եւ զայն փակցուր քարտին մէջ` անոր ծալքը քարտին ծալքին վրայ դնելով: Թուղթին վրայի բաժինին վրան ալ խէժ դիր եւ քարտդ գոցէ զայն փակցնելու համար:
7.- Գոց խաւաքարտին վրայ երկտող մը գրէ մօրդ եւ զարդարէ ներկերով:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵՂՈՒՆԵՐԸ
ՄԵՂՐ ԿԸ ՇԻՆԵՆ
Մեղուները կը հաւաքեն ծաղիկներուն բեղմնափոշին եւ նեկտարը: Փեթակին բջիջներուն մէջ զետեղուած բեղմնափոշին փոքր մեղուներուն «հացն» է: Ծաղիկներուն անուշ հիւթը` նեկտարը, զոր մեղուները կ՛ամբարեն իրենց խածեակին մէջ, մեղրի կը վերածուի անոնց լորձունքին շնորհիւ: Ապա անոնք դուրս կը հանեն եւ զայն կը թափեն փեթակին բջիջներուն մէջ, որպէսզի ան «հասուննայ»: Այս ձեւով անոնք ձմրան համար ալ պահեստներ կ՛ամբարեն: Մեղուաբոյծները մեղրի պաշարներէն կ՛առնեն միայն այն բաժինը, զոր մեղուները պէտք պիտի չունենան սնանելու համար:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՁՈՒԿԸ ԲԵՐԱՆԸ
ԱՆԴԱԴԱՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ
Ան այս ձեւով կը շնչէ: Բերանը բանալով` ան կուլ կու տայ ջուրը, որ ապա գլխուն երկու կողմերը զետեղուած պզտիկ ճեղքերէն` խռիկներէն դուրս կ՛ելլէ:
Ձուկին բերանը կը ծառայէ նաեւ ուտելիքը բռնելու` որդ, միջատ, թրթուր, ջրախոտերու կտորներ: Հետեւաբար ձուկին բերանը միշտ շարժումի մէջ կը գտնուի:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՕՁԸ ԻՐ ՇԱՊԻԿԸ
ԿԸ ՓՈԽԷ
Որովհետեւ ան կը մեծնայ եւ անոր շապիկը առաձգական չէ:
Օձին մորթին թեփերը քերաթինէ են: Մարդ արարածներու պարագային քերաթինը կը գտնուի եղունգներուն եւ մազերուն մէջ: Իր աճումի շրջանին օձը իր շապիկին մէջ նեղ կը զգայ: Հետեւաբար այս առաջին խաւին տակը, իր մարմնին ճիշդ չափով ուրիշ շապիկ մը կը կազմուի. եւ երբ անիկա պատրաստ է, անասունը իր հին, նեղցած շապիկը վրայէն կը թափէ քարերուն կամ խորտուբորտ կոճղերու կեղեւներուն քսուելով:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԳ ՄԸ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ
ԻՐԵՆՑ ԲՈՅՆԵՐԸ ԾԱՌԵՐՈՒՆ ԲԱՐՁՐ
ՃԻՒՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՇԻՆԵՆ
Իրենց ձագուկները պահպանելու համար որսորդ անասուններէն:
Կարգ մը ձագուկներ կը ծնին կոյր, առանց փետուրի եւ չեն կրնար թռչիլ. հետեւաբար պէտք է զանոնք ապահով տեղեր պահել, որսորդ անասուններէն հեռու, յատկապէս երբ ծնողները պէտք է բացակային կեր փնտռելու համար: Այս պատճառով է, որ մենք կը տեսնենք բոյներ` ծառերու կոճղերու փոսիկներու մէջ, մեծ ճիւղերու վրայ, տանիքներու տակ… Այս բոյները շինուած են մեծ խնամքով եւ ընդհանրապէս` լաւ պահուած:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԲԱԴԵՐԸ ՉԵՆ
ՄՍԻՐ ՍԱՌ ՋՈՒՐԻՆ ՄԷՋ
Որովհետեւ անոնց փետուրները սահուն են, լաւապէս իւղոտ եւ անջրաթափանց:
Բադին փետուրները անոր կարելիութիւնը կու տան ցուրտին դիմանալու: Մարմնին շատ մօտիկ մանր փետուրներուն աղուամազերը օդի խաւ մը կը բանտարկեն մորթին մօտ եւ կը պահեն մարմնին ջերմութիւնը: Վրայի փետուրները իրարու մէջ մտած են: Անոնք անջրաթափանց են, որովհետեւ զանոնք հարթ դարձնելով բադը զանոնք իւղոտ նիւթով մը կը ծածկէ:
ԺԱՄԱՆՑ
Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ