Դպրեվանեցիները Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ 1 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիները Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:

Ժամերգութեան աւարտին դպրեվանքի փոխտեսուչ Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեանը քարոզեց բնաբան ունենալով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի` «Նայեաց սիրով» շարականին հետեւեալ տունը. «Սիրոյ կրակդ, որ աշխարհի վրայ ձգեցիր, թող բորբոքի մեր հոգիներուն մէջ. թող մեր սիրտերուն խորհուրդները մաքրէ, քու գիտութեանդ լոյսը փայլեցնէ, մահուան քունէն մեզ արթնցնէ եւ մեր միտքերը քեզմով բոցավառէ, որպէսզի օր ու գիշեր քեզի փառք տանք անդադար»:

Դպրեվանեցիները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 22 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, դպրեվանեցիները Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:

Ժամերգութեան աւարտին օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Համբարձում Ա. սրկ. Պալըքճեանը` բնաբան ունենալով «Մէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէն եւ այս է աղաչանքս. Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ, ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը եւ զինք պաշտել իր տաճարին մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )