Սայաթ Նովայի 300-ամեակի Շարունակուող Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. «Մենք Մեր Միջեւ Պիտի Գտնենք Այն Ջիղը Եւ Ոգին, Որոնք Պահպանել Են Մեր Ազգային Դիմագիծը» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Հայրենի Փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան

Հարցազրոյցը վարեց ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

2012 թուականը ճշդուեցաւ իբրեւ հայազգի հանճար Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակ: Այս գծով Հայաստանի մէջ կազմուեցաւ կառավարական յատուկ յանձնաժողով: Իսկ հայրենի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի առաջարկով  որոշուեցաւ այս առիթով մեկնարկուած ձեռնարկները շարունակել 2013 տարուան ընթացքին եւս: Այս առիթով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընթացիկ տարուան օրացոյցի մեծ դէմքերուն մէջ ներառուած ու անոր հովանաւորութեամբ Սայաթ Նովայի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկները` հայրենիքի, Արցախի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ջաւախքի, Ախալցխայի եւ սփիւռքի զանազան հայօճախներուն մէջ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Յունաստան, Հոլանտա, Թուրքիա ու Լիբանան`ընդգրկեցին ու կ՛ընդգրկեն`  յոբելեարի կիսանդրիի  զետեղում, քայլերթ դէպի անոր շիրիմը, վարդատօն, երաժշտական փառատօներ, ցուցահանդէսներ, մրցոյթներ,  դասախօսական երեկոներ, գիտաժողով ու սայաթնովեան երգարուեստը պանծացնող զանազան այլ ձեռնարկներ: Արդէն իսկ պատրաստուած է յոբելեարին նուիրուած «Սայաթ Նովա. երգ, խորհրանիշ, առասպել» խորագրեալ Հայկ Համբարձումեանի հեղինակած ժապաւէնը:  Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը  հրապարակած է Տիգրան Չոպանեանի կողմէ պատրաստուած տասը հազար դրամ արժողութեամբ ոսկի դրամանիշ: Լոյս տեսած է «Սայաթ Նովա 300» խորագրեալ գիրքը, նաեւ կը ներկայացուի հայրենի հանրածանօթ երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեանի 2010-ին հեղինակած  «Սայաթ Նովա» օփերեթը: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան  2009-էն ի վեր մեկնարկած  «Մեր մեծերը» ծրագիրը 2012-ին այլ մեծերու կողքին ներառած է նաեւ Սայաթ Նովայի անունը:

Այս գծով ուշագրաւ էր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթողրուլ Կիւնայի յայտարարութիւնը, թէ` այս առիթով մեծանուն աշուղին ստեղծագործութիւններուն նուիրուած յատուկ գիրք մը պիտի հրատարակուի: Իսկ Թուրքիոյ Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան  նախաձեռնութեամբ կը ցուցադրուի Սերգէյ Փարաճանովի 1968-ին բեմադրած «Նռան գոյնը» ժապաւէնը:

Կասկած չկայ, որ Սայաթ Նովա հայ  երգարուեստի  խորհրդանիշ նկատուող տիտաններէն է: Անոր կեանքն ու արուեստը սերտուած եւ ուսումնասիրուած են հայ թէ օտար բազմաթիւ  ակադեմականներու, սիրողներու եւ բանասէրներու կողմէ, ինչպէս` Գէորգ  Ախվերտեան, Յովհաննէս  Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Գէորգ Բաշինջաղեան, Մօրուս Հասրաթեան, Պարոյր Սեւակ, Չարենց, Լէօ, դոկտ. Շաւիղ Գրիգորեան, Իշխան Ստեփանեան, Գէորգ  Ասատուր, Պօղոս Մակինցեան, Հենրիկ Բախջինեան, Գէորգ Աբով, Վազգէն Հ .Սաֆարեան, Թովմաս Պօղոսեան, Եաքով Պոլոնսքի, Վալերի Պրիւսով, Մենապտէ, Եուսի Գրիշաշվիլի, Սերժ  Վենդուրինի, Չարլզ  Տաուսեթ ու բազմաթիւ ուրիշներ: Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները կամ  «տաղեր»-ը, ինչպէս ան կը սիրէր կոչել իր «տաֆթար»-ին  (տետրակին,- «Ա.») մէջ, թարգմանուած են զանազան լեզուներու: Օրինակ` Էլիզապէթ Մուրատեան եւ ֆրանսացի բանաստեղծ Սերժ Վենդուրինի (2006-ին), ինչպէս նաեւ  Վիքթոր Կարտոն (1965-ին) ու ապա Ժերար Հեքիմեան (1973-ին) Սայաթ Նովայի տաղերէն մաս մը թարգմանած են ֆրանսերէնի, նախքան այդ` Ալիս Սթոն Պլեքուէլ եւ  Զապէլ Քաթրին Պոյաճեան` անգլերէնի (1917-ին), Ռաֆայէլ  Պապայեան` ռուսերէնի, Գիվի  Շահնազար`  վրացերէնի եւ այլն:

Սայաթ Նովայի երգարուեստը առանցքը կազմած է կովկասեան ժողովուրդներու` հայ, վրացի, ազերի-թուրք թէ պարսիկ երաժշտասէրներու հետաքրքրութեան: Շատ մելան հոսած է անոր ազգային պատկանելիութեան մասին, որ սակայն անհերքելիօրէն  հաստատուած է` յաճախ  նոյնինքն Սայաթ  Նովայի երգերուն մէջ, ինչպէս որ ան իր հայերէն 5-րդ ու 35-րդ  տաղերուն մէջ կ՛ակնարկէ Արազ գետին ու Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին, որ այդ շրջանին տիրող հաւատալիքներուն համաձայն, փոխարինած էր  հայ հեթանոսական շրջանի գուսաններու  աստուած Գեսանէն (որուն կը դիմէին հայ հեթանոս գուսանները ներշնչուելու համար):  Այսուհանդերձ, տակաւին կը մնան վիճելի թէ լուսաբանելի հարցեր, ինչպէս` անոր ծննդեան թուականը` 1712-ի՞ն,  թէ՞ 1722, նահատակութիւնը` 1795-ի՞ն, թէ՞ 1817-ին: Նոյնիսկ տարակարծութիւն կայ, Թումանեանի բառերով, «սիրոյ հրդեհով բռնկած հոյակապ սիրահար»-ի սիրուհիի ինքնութեան մասին, թէ ան վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին քոյրը` իշխանուհի Աննա՞ն էր, թէ՞ յոյն-հելլենուհի գեղեցկուհի Տալիտան: Տակաւին, հարցականներ կան Սայաթ Նովայի անունին ծագման ու իմաստին գծով, թէ արդեօք անիկա կը նշանակէ «երգի որսո՞րդ», թէ՞ «որսորդի թոռ» (ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պարսկերէնով սայաթ կը նշանակէ որսորդ, իսկ նովա` երգ, մինչ այլ աղբիւրներու համաձայն, սայաթ կը նշանակէ որսորդ, իսկ նովա` թոռ):

Բանասէրներու վկայութեամբ, Սայաթ Նովայի հարիւրաւոր տաղերէն  միայն մէկ մասը հասած է մեզի, մնացեալը տակաւին անյայտ ու պրպտելի է: Այս իմաստով լուրջ աշխատանք տարած են  Սայաթ Նովայի «սիրահարներ»-էն  շատեր, ինչպէս` Համազգայինի հիմնադիրներէն հանրածանօթ հասարակական գործիչ Նիկոլ Աղբալեան, «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան» հիմնադիր, հանրայայտ բանասէր-երաժշտագէտ Թովմաս Պօղոսեան եւ ուրիշներ, որոնք  շրջած, պրպտած, հաւաքած  ու յայտնաբերած են իրենց ժամանակաշրջանի ժողովրդային բանահիւսական երգերէն Սայաթ Նովային առնչուող տաղերը: Սայաթ Նովայի ծննդեան ճշգրիտ թուականին մասին շատ մը բանասէրներ, որոնց կարգին` եւ փրոֆ. Սամուէլ  Մուրատեան, գիտնալով հանդերձ նշեալ թուականի վիճելի ըլլալը, կ՛ուզեն պահել զայն` առ ի յարգանք Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի նախաձեռնած «Վարդատօն»-ի աւանդոյթին, ուր 1712 թուականը որդեգրուած է: Այս գծով հետաքրքրական առաջարկ ըրած է «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն Սարգիս Մահսէրէճեան` իր «Թող տասը տարի նուիրենք Սայաթ Նովային» խորագրեալ «կոչ»-ով:

Որքան որ խորանանք  Սայաթ Նովայի կեանքին ու գործերուն ծալքերուն մէջ, այնքան  կրնան յստականալ լուսաբանելի մութ թէ վիճելի հարցերը: Սակայն հարց է, յատկապէս` սփիւռքահայութեան ապրած տեղայնացման թէ համաշխարհայնացման բեւեռացումի մթնոլորտին մէջ, թէ արդի հայ երիտասարդութիւնը որքանո՞վ  հետաքրքրուած է խորանալու եւ հմտանալու մեր անցեալի մշակութային ժառանգին թէ նշեալ ժողովուրդներու  պատմութեանց հոլովոյթին մէջ` յայտնաբերելու եւ լուսաբանելու համար Սայաթ Նովային առնչուող նշեալ մութ ծալքերը: Այս իմաստով որոշ լուծում կարելի է փնտռել «երկսայրի սուր» նկատուող համացանցային արդի արհեստագիտութեան,  յատկապէս`  Դիմատետրի (ֆէյսպուք) էջերուն մէջ: Փաստօրէն  արդէն իսկ անգլիատառ  հայերէնով թէ այլ լեզուներով Սայաթ Նովայի եւ անոր երգարուեստին  մասին կարծիքներ կը փոխանակուին («չեթինկ»): Օրինակ` Սայաթ Նովայի կայքէջը ( http://www.sayat-nova.am/) եւ  անոր անունով  մեկնարկուած  ծրագիրը (https://www.facebook.com/SayatNovaProject):  Անհատական օրագրութիւններու (պլոկ-blog-weblog) մէջ յատուկ էջ (էջեր) տրամադրուած է Սայաթ Նովային, ինչպէս` Թորոնթոյէն  քանատահայ Թամար Նաճարեանի «Սփիւռքահայի մը նոթերը», լոնտոնահայ, այժմ հայրենաբնակ` լրագրող-նկարիչ Օննիկ Գրիգորեանի կայքէջը իր պլոկով ու թուիթըրով  եւ շատ ու շատ ուրիշներ: Համացանցի այս կարելիութիւններէն կարելի է օգտուիլ, օրինակ, միջազգային հասարակաց լեզու նկատուող անգլերէնով թուիթըրով հաղորդակցելով նշեալ ժողովուրդներու երաժշտագէտ «բանիմացներ»-ու հետ` լուսաբանելու, հաստատելու ու տակաւին չգիտցողներուն ծանօթացնելու Սայաթ Նովայի երգարուեստն ու հանճարը, ինչպէս նշած էր վերջերս Հայաստանի վարչապետ Տիգրան  Սարգսեան: Միւս կողմէ, արդեօք կարելի չէ՞, Վրաստանի ու հայրենիքի օրինակով, Լիբանանի  ու առհասարակ սփիւռքի մէջ եւս որդեգրել «Վարդատօն»-ը եւ իւրաքանչիւր մայիս ամսուան վերջին կիրակին վարդեր զետեղել  Սայաթ Նովայի յուշակոթողին շուրջ…

Սայաթ  Նովայի 300-ամեակի ձեռնարկներուն ընթացքին հրաւիրեալ բանախօսներու կարգին եղած է նաեւ հայրենի ակադեմիկոս, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան: Քաջածանօթ ըլլալով Սայաթ Նովայի կեանքին ու երգարուեստին ցարդ ձեռնտու գրեթէ բոլոր տեղեկութեանց, իրեն ուղղուած հարցումը չաւարտած, արդէն «կը յորդէր» անոր պատասխանը, Սայաթնովեան համապատասխան տաղերու հաճելի ասմունքով: Ան կրնար ժամերով խօսիլ` իւրայատուկ ոճով ու երբեմն ասացուածքներով «համեմելով» իր կարծիքները:  Բծախնդիր հետեւողութեամբ ուսումնասիրած է Սայաթ Նովայի գրականութեան առնչուող նիւթերը, համոզած ու յորդորած է այս մասին պրպտողները` առաւել եւս  խորացնելու իրենց  պրպտումները ու այս բոլորը` լռիկ մնջիկ, համեստաբար յայտնելով, թէ ինք  պարզապէս Սայաթ  Նովայի մասին ոչ ամբողջական ուսումնասիրութիւններ կատարած է:

Ստորեւ` այն զրոյցը, որ «Ազդակ» ունեցաւ հայրենի մտաւորականին հետ,  վերջերս անոր Պէյրութ կատարած այցելութեան ընթացքին:

 ***

«ԱԶԴԱԿ.»- Սայաթ Նովա 18-րդ դարու հայազգի հանճար է, սակայն ճիշդ ե՞րբ սկսած է  ծաւալիլ անոր հռչակը եւ առաւելաբար որո՞նք ուսումնասիրած են իր ստեղծագործութիւնները:

ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ.- Սայաթ Նովայի մասին մեր պատկերացումները դժբախտաբար լիակատար չեն, սահմանափակ են, որովհետեւ ժողովուրդը աւելի շատ, անոր ծանօթ է իր երգերով, բայց բանաստեղծ Սայաթ Նովային պէտք եղած ձեւով չէ ճանչցած: Ան միայն մտաւորականերու շրջանակին մէջ  ճանչցուած  է` որպէս մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը: Խնդիրն այն է, որ Սայաթ Նովա իր մահէն ետք աւելի քան կէս դար, գրեթէ մոռցուած էր մտաւորականութեան համար, թէեւ  անոր երգերը բանաւոր կերպով տարածուած էին ժողովուրդին մէջ: Միայն 1852-ին էր, որ առաջին անգամ  Մոսկուայէն բժիշկ բանասէր մը` Գէորգ  Ախվերտեան  կրցաւ հրատարակել Սայաթ Նովայի «խաղեր»-ը:  Այնուհետեւ մարդիկ սկսան հետաքրքրուիլ Սայաթ Նովայի  ստեղծագործութիւններով: Ու այդ թուականէն ի վեր, այսօր, 160 տարի է, որ  գոյութիւն ունի սայաթնովայագիտութիւն, ամբողջ գիտաճիւղ մը, որ կ՛ուսումնասիրէ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները: Երաժշտագէտները կ՛ուսումնասիրեն Սայաթ Նովայի երաժշտական կողմը, բայց բանասէր-գրականագէտներ կ՛ուսումնասիրեն անոր բանաստեղծութեան  գեղարուեստական կողմը:

Շատեր գրած են Սայաթ Նովայի մասին, ինչպէս` Համօ Սահեան, Հրաչեայ Սահինեան, Գէորգ  Ասատուր, Հենրիկ Բախջինեան, աւելի ուշ` պատմաբան Լէօ, Լութֆիկ Տուլեան: Շա՜տ շատեր Սայաթ Նովան իրենց համար ուսուցիչ կը նկատեն, օրինակ` Չարենցի նման հանճար բանաստեղծը ըսած է.

«Աշուղ  Սայաթ Նովի նման
ես երկու բառ պիտի ասեմ»

Նախքան այդ  կար Յովհաննէս Թումանեանը, որուն նախաձեռնութեամբ 1912-13  թուականներուն հիմնուած է Վարդատօնը, երբ իւրաքանչիւր տարուան մայիս ամսուան վերջին կիրակին Սայաթ Նովայի սիրահարներ վարդեր կը զետեղեն անոր շիրիմին կամ յուշակոթողին շուրջ:  Այս  խնդիրին մէջ կարեւորագոյն դեր ունեցան  Յովհաննէս Թումանեանն  ու Նիկոլ Աղբալեանը,  որ մեծագոյն սայաթնովայագէտներէն մէկն է: Աղբալեանն էր, որ առաջին անգամ  հաւաքած, նոթագրած է Սայաթ Նովայի  շատ մը երգեր, որոնց առաջինը` «Դու էն գլխէն»-ը: Պէյրութի մէջ  1966-ին լոյս տեսած անոր ամբողջական երկերու  Բ. հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Սայաթ Նովային:

Դուն է՛ն գըլխեն իմաստուն իս, խիլքտ հիմարին բաբ մի՛ անի,
էրազումըն տեսածի հիդ միզի մե հեսաբ մի անի,
Յիս խոմ էն գըլխեն էրած իմ, նուրմեկանց քաբաբ մի՛ անի,
Թե վուր գիդիմ բեզարիլ իս, ուրիշին սաբաբ մի՛ անի:

Աղբալեան Պոլսոյ թերթերուն մէջ իր գրած յօդուածներով, դասախօսութիւններով, ամէն ինչով փորձած է մեկնաբանել Սայաթ  Նովան: Ու ի՛նք կրնար մեկնաբանել ատիկա, որովհետեւ  ինչպէս Մուշեղ Իշխան ըսած է` «Նիկոլ Աղբալեանն այդ իմաստով յարմարագոյն անձն է մեկնաբանելու Սայաթ Նովան»:

Ինչո՞ւ այսպէս. որովհետեւ Աղբալեան թիֆլիսեցի ըլլալով` շատ լաւ գիտէր այդ բարբառը եւ լաւագոյնս կը տիրապետէր  Թիֆլիսի  լեզուին եւ այն  բացառիկներէն էր, որ  գիտէր Սայաթ Նովայի ժամանակներու թիֆլիսեան բարբառը:

Խորքին մէջ Սայաթ Նովան իր բանաստեղծութեանց մէջ օգտագործած է աշուղական բանաստեղծական հանրայայտ գաղափարական տողեր, որոնց մէջ ան  դրսեւորած է իր հզօր անհատականութիւնը: Այս առիթով կ՛ուզեմ ընդգծել կարեւոր հանգամանք մը, որ Պարոյր Սեւակ նորարար բանաստեղծը 1960-ական թուականներուն դժգոհ էր մեր բանաստեղծութեան մէջ արմատացած աշուղական  զանազան գոյներէն: Ու բանաստեղծութեան  մէջ յետամնացութեան  դէմ իր մղած պայքարով հանդերձ, Պարոյր Սեւակ  գնաց եւ միջնադարի վերջաւորութեան` 18-րդ դարու աշուղ Սայաթ Նովային մէջ գտաւ հանճարեղ բանաստեղծը եւ իր դոկտորական աւարտաճառը գրեց Սայաթ Նովայի մասին: Ան  Սայաթ Նովայի բանաստեղծական մտածողութեան նորութեամբ, յարութեամբ, արդիականութեամբ  ուզեց վերանորոգել մեր նորագոյն ժամանակներու գեղարուեստական մտածողութիւնը: Ասոնց կողքին կան սիրողներ,  Սայաթ Նովայի սիրահարներ, որոնք սիրողական մակարդակի վրայ  կը փորձեն ճշգրտումներ մտցնել Սայաթ Նովայի կենսագրութեան մէջ:

Նաեւ ոչ հայ բանասէր, գրագէտներ եւս ուսումնասիրած թարգմանած ու գրած են Սայաթ Նովայի մասին, ինչպէս` վրացի ականաւոր մտաւորական, ակադեմիկոս Մենապտէ, Եուսի Գրաշիշվիլի, ռուս բանաստեղծ Վալերի Պրիւսով եւ այլն:

«Ա.».- Ասիկա բացառիկ  երեւոյթ է, որ հայ թէ օտար  մտաւորականներ, բանասէրներ այսքան լրջօրէն ուսումնասիրեն, հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն  ու գովերգեն  իւրայատուկ գիտութեան արժանացած նման արուեստագէտ մը: Ո՞ւր է ասոր գաղտնիքը.

Փ. Ս. Մ.- Գաղտնիքը պէտք է փնտռել Սայաթ  Նովայի երգերու բարձր արուեստին մէջ: Սայաթ Նովայի երգերը այնքա՜ն են մարդկային,  այնքան են հարազատ, այնքան են հոգեմօտ` համայն մարդկութեան համար:  Ան իւրացուցած է ամբողջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւնները: Սայաթ Նովա օգտագործած է ամբողջ Արեւելքի մէջ տարածուած տաղաչափական, մեղեդիական չափերը:

Սայաթ Նովա բացառիկ գրագէտ  եղած է իր ժամանակին համար: Ան գագաթ է, բարձունք է, գրեթէ անմրցելի երեւոյթ է: Ան քաջածանօթ եղած է Ս. Գիրքի առակներուն: Այս մէկը կեանքի  փիլիսոփայական մեծ  խտացում է: Ան հրաշալիօրէն սորված էր Ս. Գիրքն ու գրական մեծութիւնները: Սայաթ Նովայի տաղերուն մէջ բառացի մէջբերումներ  կան Ս. Գիրքի առակներէն: Ան  չափանիշ դարձած է: Սայաթ Նովան մեծ  հետք, ազդեցութիւն ձգած է մեր  բանաստեղծական, քնարերգական պատմութեան հոլովոյթի զարգացման ամբողջ ընթացքի վրայ: Արդէն նշեցի Չարենցը, բայց նախապէս կայ Թումանեանը. Յովհաննէս Շիրազ  եւս ամբողջ  տաղասացութիւն մը  գրած է Սայաթ Նովայի մասին:

«Ա.».- Սայաթ Նովա երգած է նաեւ կովկասեան այլ լեզուներով, սակայն անոր հայերէն տաղերուն մէջ ուշագրաւ է ազգային  պատկանելիութեան զգացումը: Կարծէք երաժշտութեան ճամբով ազգային գաղափարախօսութիւն կը փոխանցէր.

Փ. Ս. Մ.-  Այո՛, խնդիրն այն է, որ ե՛ւ վրաց, ե՛ւ թուրք  իսկ այսօր` նաեւ ազերիները, բոլորը կը կարծեն, որ Սայաթ Նովան իրենցն է: Անոնք մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Սայաթ  Նովայի ստեղծագործութեան նկատմամբ: Ան հայերէնի կողքին, գրած է նաեւ վրացերէն ու պարսկերէն տաղեր, բայց  ազերիներու հետ  երբեք առնչութիւն չէ ունեցած: Ե՛ւ վրացիները, ե՛ւ  թուրքերը, իսկ այսօր` ազերիները մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Սայաթ Նովայի ստեղծագործութեան նկատմամբ: Օրինակ, Աշուղ  Ջիւանիի որդին` բանասէր, մամուլի մասնագէտ Գարեգին Լեւոնեանի համաձայն, Սայաթ Նովա  թրքերէնը սորված է Պոլսոյ մէջ, իր հօր`  սալմաստեցի Ղուլ Յարութիւն աշուղին հիմնած  հայ-թրքական աշուղական դպրոցին մէջ: Մի՛ մոռնաք, որ 19-րդ դարուն թուրքեր հայատառ  այբուբեն պիտի որդեգրէին: Այդ շրջանին  հայատառ թրքերէնով  հսկայական գրականութիւն կար: Պոլսոյ Տամատեան գերդաստանը հայ ըլլալով, իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութիւն կը փոխանցէին: Այս աշխատանքը լաւագոյնս կատարած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, որուն աշակերտներէն էր գրող Սրբուհի Տիւսաբ, որ հմուտ թրքախօս ըլլալով հանդերձ, հայերէն գրականութիւն ստեղծագործած է:

Սայաթ Նովա իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է  Հալէպի մէջ, շուրջ վեց տարի:

Սայաթ  Նովայի բանաստեղծական աշխարհը  եւ լեզուն բարդ են: Հայերէն երգերը ան գրած է իսկապէս կեանքի՛ թելադրանքով, կեա՛նքը ճանչնալով: Մինչդեռ  թրքերէն գրած է «մեճլիսն»-երու պահանջով, որովհետեւ այդ շրջանին ինչպէս  որ անգլերէնը բոլորին համար հասկնալի հասարակաց լեզու է համացանցի վրայ, այնպէս ալ թրքերէնը տիրական էր հոն, եւ աշուղներու պաշտօնական լեզուն թրքերէնն էր: Անոնք թրքերէն կ՛երգէին, որպէսզի միւս աշուղները հասկնային զիրենք: Իսկ վրացերէն գրած է պալատական թելադրանքով: Ան հիմնադրած  է նաեւ վրացական աշուղական դպրոց, հակառակ որ լաւագոյնները հայերէն տաղերն են.-

«Սայաթ Նովան յստակ հայ է ,
Իր հաւատին ղայիմ կանգնած»

Կամ այլ տեղ մը`

«Ամէն մարդ չի կանայ խըմի` իմ ջուրըն ուրիշ ջըրէն է.
Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ` իմ գիրըն ուրիշ գըրէն է:
Բունիաթս աւազ չիմանաս` քարափ է, քարուկըրէն է…»

Եւ այսօր մենք ունինք 68 հայերէն խաղ, 33 վրացերէն ու 130` թրքերէն տաղ: Սայաթ Նովան իր բանաստեղծութիւնները անուանած է տաղ: Ան հայ աշուղական դպրոցին ակնառու դէմքերէն մէկն է եւ հիմնած է նաեւ վրացական աշուղական դպրոցը:

Սայաթ Նովայի  տողերու ընդմէջէն ակներեւ է անոր ազգային պատկանելիութիւնը, իր հարազատ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգ ըլլալը: Օրինակ` գեղարուեստական մէկ պատկերի մէջ յանկարծ կը կարդանք`

«Էշխեմէդ, հիւանդացիլ իմ,
գժուիլ իմ, Արազի նման»

Արազը  Հայաստանի գետերէն մէկն է ու միայն հայ մարդը կրնայ այսպէս մտածել, գրել… թուրքը չի կրնար  այսպէս մտածել,  գրել…

Իսկ  ազգային գաղափարախօսութիւնը սկսած է Աբովեանի օրերէն, շարունակուած`

Մկրտիչ  Պէշիկթաշլեանով, Դուրեանով… Յետոյ արեւելահայ գրականութեան մէջ` Րաֆֆիով, Թումանեանով… Իսկ արեւմտահայ գրականութեան մէջ  անպայման պէտք է նշել` Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն  Սեւակ եւ շատ ուրիշներ:

Անոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են մեր ժողովուրդի ազգային գաղափարական մտածողութեան  զարգացման  պատմութեան մէջ   եւ կրցած են դառնալ մեր ժողովուրդի գաղափարական դաստիարակը`  ազգապահպանման հարցին մէջ:

«Ա.».- 1852-էն սկսեալ ծաւալեցաւ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններուն մասին հետաքրքրութիւնը եւ իւրաքանչիւր ամեակի  առիթով , 200-ամեակ, 250-ամեակ, անպայման նորութիւն կար: Այս անգամ, 300-ամեակին առիթով ի՞նչ նորութիւն կայ:

Փ. Ս. Մ.- 1912-1913, երբ  բանաստեղծ Յովհաննէս  Թումանեանի  նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Սայաթ Նովայի ծննդեան 200-ամեակը, ան հանրածանօթ դարձաւ թիֆլիսեան ու անոր անմիջական միջավայրին մէջ:

Իսկ 1962-ին 250-ամեակին կազմակերպուած զանազան ձեւերով հրատարակուեցան նոր ուսումնասիրութիւններ ու թարգմանութիւններ` Սայաթ  Նովայի մասին:

Սայաթ Նովայի գերեզմանը

Հիմա Սայաթ Նովայի 300-ամեակը պայմանականօրէն խորհրդանշական  է, որովհետեւ գրեթէ այլեւս  հաստատուած է, որ Սայաթ Նովա 1722-ին ծնած է,  բայց 1712 թուականը կը պահուի  աւանդոյթի հիմամբ առ ի յարգանք  Յովհաննէս Թումանեանին: 300-ամեակը կը նշուի,  կը տօնուի մեծ շուքով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ: Այս առիթով կազմակերպուած կամ նախատեսուած են.

– Սայաթ Նովայի գործերուն մասին  գիտական նոր հրատարակութիւններ:

– Կը հրատարակուի  Պարոյր  Սեւակի «Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները»` ակադեմիկոս Սերգէյ  Սարինեանի յառաջաբանով  ու մատենագիտութեամբ:

– Կը կազմակերպուի ասմունքի փառատօն`  նուիրուած Սայաթ Նովայի 300-ամեակին ու Եղիշէ  Չարենցի 112-ամեակին:

– Մօտերս լոյս կը տեսնէ  իրանահայ  գործիչ,  ճարտարագէտ Վարդգէս  Զարգարեանի  պատրաստած սայաթնովայեան տաղերու բացատրական բառարանը` «Տառ ու բանք Սայաթ Նովայի» խորագրով:

– Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ  Աբրահամեան կը կազմակերպէ Սայաթ Նովայի տաղերու մանկապատանեկան ասմունքի մրցոյթ`  մասնակցութեամբ հայրենի ու Արցախի 135 հայ  աշակերտներու:

«Ա.».- Այս մարդը քաղաքագէ՞տ է, թէ՞ գրագէտ, ժամանակ ունի՞ նման հարցերով զբաղելու…

Փ. Ս. Մ.- Այո՜, հակառակ բոլոր քաղաքական, ապահովական թէ այլ աննպաստ պայմաններուն,  Հայաստանի կառավարութիւնը  միշտ կը գտնէ միջոց ու  հնարաւորութիւն` զբաղելու նաեւ մշակութային հարցերով: Ասիկա խառնուածքի մաս կը կազմէ, նկարագրային յատկութիւն է…

«Ա.».- Ի՞նչ կրնաք ըսել Սայաթ Նովայի հայերէն տաղերու լեզուին մասին, արդեօ՞ք  գրաբար է: Ան կը յիշեցնէ Խաչատուր Աբովեանի  բարբառը, ի՞նչ կը կարծէք:

Փ. Ս. Մ.- Սայաթ Նովան գրաբարով չէ գրած: Ան նախորդած է Խաչատուր  Աբովեանին: Ան գրած է Թիֆլիսի բարբառով, Թիֆլիսի ժողովրդական լեզուով: Իսկ  Թիֆլիսի բարբառը ժողովրդային խառն ու բարդ բարբառ է,  որ գորգի նման կ՛ընդգրկէ պարսկական կամ թրքական զարդանաշխեր: Այսօրուան սերունդը դժուար կը հասկնայ Սայաթ Նովայի լեզուն: Սայաթ Նովա իր բանաստեղծութիւնը գրած է երգելու համար ու անիկա նոյն ելեւէջը պէտք է ունենայ: Անոր գործածած դժուար բառերը,  օտար բառերը բացատրութեան կարիք ունին: Այս գծով իրանահայ գործիչ, ճարտարագէտ Վարդգէս  Զարգարեան օգտագործած է զանազան բառարաններ ու մեկնաբանած է Սայաթ Նովայի  հայերէն տաղերուն մէջ եղող պարսկերէն բառերը: Ան արդէն հրատարակած է Սայաթ Նովայի  28-29  տաղերը, իսկ ես յորդորեցի զինք, որ նոյն աշխատանքը կատարէ նաեւ Սայաթ Նովայի հայերէն բոլոր տաղերուն գծով, այդպէս ալ ըրած է, եւ հատորը մօտերս լոյս պիտի տեսնէ: Նաեւ, ինչպէս նշեցի, Սայաթ Նովայի հեռաւոր հարազատներէն` Լութֆիկ  Տուլեանի հետ կը պատրաստէինք Սայաթ Նովայի մասին կենսագրական-բացատրական աշխատանք մը. սակայն դժբախտաբար, ան մահացաւ ու գործը կիսատ մնաց, իսկ ես առանձինս չեմ կրնար ամբողջացնել այդ աշխատանքը:

«Ա.».- Ծանօթ է, որ Կոմիտաս շրջեցաւ հայկական գաւառները, ուր գրի առաւ ժողովուրդին մէջ  «բերնէ բերան շրջող» հայկական երգերը եւ յաւերժացուց զանոնք: Կրնա՞նք ըսել, թէ  Սայաթ  Նովան  հիմնած է իւրայատուկ «դպրոց» մը` աշուղական երգարուեստին մէջ:

Փ. Ս. Մ.-  Ի հարկէ, անպայմա՛ն, ան հայ աշուղական դպրոցի հիմնական դէմքերէն մէկն է: Ան նաեւ հիմնած է վրացական աշուղական դպրոցը:

Սայաթ Նովան եւ Կոմիտասը զիրար չխանգարող, չհակասող երեւոյթներ են: Թերեւս երեւոյթով կը տարբերին, բայց Սայաթ Նովա շեշտը դրած է աշուղական բանաստեղծութեան վրայ:

«Ա.».- Ոմանք երբեմն կը շփոթեն աշուղին եւ գուսանին միջեւ. ճիշդ ի՞նչ է տարբերութիւնը,  աշուղ մը կրնա՞յ միաժամանակ նաեւ գուսան ըլլալ:

Փ. Ս. Մ.- Աշուղը երգիչ նուագածու է եւ կ՛օգտագործէ ամբողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած մեղեդիներն ու տաղաչափական  տողերը: Էական տարբերութիւն կայ աշուղին եւ գուսանին միջեւ: Գուսանը յաճախ ի՛նք կը ստեղծէ իր երգերուն մեղեդիները: Յաճախ դուրս կու գայ աշուղական  բանաստեղծական չափերէն:  Եթէ աշուղը փորձէ գուսանի պէս երգել, կը դառնայ անուանի գուսան: Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ իսկ գուսանները շատ հինէն  գոյութիւն ունին մեր գրականութեան մէջ: Խորենացի չէր գիտեր` ի՛նչ է աշուղը, որովհետեւ այդ շրջանին աշուղներ չկային:

Աւետիք  Իսահակեան ըսած  է` «Մեր պատմութիւնը գրած են մեր էպոսները»

Աշուղութիւնը արեւելեան երեւոյթ է, պարսկական, արաբական բառերով` «մուխամմազը»«ուշլաման», «տուտուքլաման», ասոնք այդ խաղերու տարբեր տեսակներու անուններ են: Անոր խաղերուն մէջ կը հանդիպինք բազմապիսի  ու բարդ չափերով յօրինուած գործերու` թեճնիսներու կամ բառախաղերու, ղազալիներու կամ գազելներու, թասլիբներու, վարսաղներու, բէյթ ու դուբէյթներու, բայաթիներու (քառեակներ), այբբենականներու, զինջիրլամաներ կամ շարակապներու, յարանաներու կամ սիրահարականներ, օգուտլամաներ կամ խրատականներու, իլահիներու կամ աստուածայիններու, բարիթավուրներու կամ ալիքաւորուողներու, ուչլամաներու կամ երիցս կրկնութիւններու, որոնք ցոյց կու տան, թէ ան  աշուղական արուեստի գերազանց գիտակ եղած է:

«Ա.».- Սփիւռքի մէջ, յատկապէս արաբական աշխարհի հայ երիտասարդներէն ի՞ն չ կ՛ակնկալուի, կը կարծէ՞ք, որ սփիւռքի մէջ եւս պէտք է ըլլայ Սայաթ Նովայի մասին գիտական աշխատանք.

Փ. Ս. Մ.- Անձամբ ես, որպէս այդ բնագաւառի շահագրգիռ անձ կը կարծեմ, որ սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ պէտք է գտնուին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութեան այն հետաքրքրասէրները, որոնք կրնան շատ աւելին կատարել, քան` Հայաստանի հայերը: Ինչո՛ւ, որովհետեւ սփիւռքահայ զանազան լեզուներ` արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն գիտնալու հանգամանքով անոնք աւելի դիւրութեամբ  կրնան ընկալել, հասկնալ Սայաթ Նովայի թրքալեզու խաղերը: Իսկ այդ թրքալեզու խաղերուն մէջ մեծ մասամբ  արաբական, պարսկական բառեր կան, թրքերէնն ալ ի վերջոյ զտարիւն լեզու չէ, արաբական, պարսկական բառերու փոխառութիւն է:

«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել լիբանանահայութեան:

Փ. Ս. Մ.- Պէյրութի մէջ ունիմ  համալսարանական դասընկերներս, ինչպէս` «Ազգ»-ի խմբագիր Յակոբ  Աւետիքեանը, «Զարթօնք»-ի նախկին խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանը, Օհան Պոտրումեանը…

«Ա.».-  Գրագէտ Պօղոս Սնապեանը…

Փ. Ս. Մ.- Օ՜, Պօղոս  Սնապեանը, ի հարկէ ինձ համար  շատ յարգելի անձ է,  հզօր անձնաւորութիւն է, որին ես  յարգում  եւ գնահատում եմ`  իմ կրտսերի իր աւագի իրաւունքով: Ինչքան Հայաստանի մէջ Պօղոս  Սնապեանը միջոցառում  կը կազմակերպէ, առանց իմ մասնակցութեան` չ՛ըլլար: Այնպէս որ, պիտի խնդրեմ իմ լաւագոյն մաղթանքները յղէք  «Ազդակ» թերթի ընթերցողներուն, ամբողջ լիբանանահայութեանը, որովհետեւ որքան էլ աշխարհ խառնուի ու հայութեան համար ստեղծուին աննպաստ պայմաններ, մենք մեր միջեւ, մենք մեր մէջ պիտի գտնենք այն ջիղը եւ այն ոգին, որոնք դարերի հոլովոյթին մէջ պահպանել են մեր ազգային դիմագիծը: Եւ այսօր էլ հայ ժողովուրդը իր բոլո՜ր, բոլո՛ր քաղաքական կուսակցութիւններով պիտի ձգտի մէկ նպատակի: Ե՛ւ դաշնակցականները, ե՛ւ ռամկավարները, ե՛ւ  հնչակեանները, եւ Հայաստանի մէջ եղած խմբաւորումները… Անոնք կուսակցական նպատակ պիտի չհետապնդեն, պէտք է  հետապնդեն մէկ համազգային նպատակ, իսկ Համազգայինը շատ լաւ գիտենք, թէ  որու՛ կարգախօսն է…

«Ա.» – Շանթ, Աղբալեան…

Փ. Ս. Մ.- Այո՛:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )