Ուքրանացի Փիաթենքօ Նշանակուեցաւ Բանանցի Մարզիչ
Իր լուրը քաղելով Բանանց Երեւանի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ուքրանացի Վլատիմիր Փիաթենքօ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Բանանցի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմին մէջ մեծ փոփոխութիւններ չեն եղած, բացի անոր նշանակումէն, որ իրեն օգնականներ պիտի ունենայ Արթուր Ոսկանեանը, Կարէն Սիմոնեանն ու Ալպերթ Քովայլովը: Վերջինս Փիաթենքոյի հետ մինչեւ յունիս 2015 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
38 տարեկան Փիաթենքօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 2008-ին: Ան նախապէս եղած է Մեթալուրկ Տոնեցքի գլխաւոր մարզիչ:
CATEGORIES Մարզական

