ՖԻՖԱ-ի Նախագահը Կը Քննադատէ 2022-ի Մոնտիալը Ձմեռը Կատարելու Գաղափարը

Միշել Փլաթինի

Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի վերջերս, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին շարունակեց պնդել, որ 2022-ի Մոնտիալը, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, պէտք է կատարուի ձմրան ընթացքին` նկատի ունենալով, որ այդ երկրին կլիմայական պայմանները արգելք կը հանդիսանան, որ ամրան հոն Մոնտիալի մրցումներ կատարուին:

Անոր կատարած այդ յայտարարութեան ամբողջութեամբ հակառակը պնդեց եւ այդ մէկը քննադատեց ՖԻՖԱ-ի նախագահը Սեփ Պլեթըր` նշելով, որ իր գլխաւոր պարտականութիւնն է պաշտպանել ՖԻՖԱ-ին սկզբունքները, որոնցմէ մէկը կարելի է նկատել Մոնտիալը կատարել յունիս-յուլիս ամիսներուն ժամանակամիջոցին եւ նոյնիսկ չմտածել այդ մէկը ձմրան կայացնելու մասին:

Share this Article
CATEGORIES