Կիրակի, 10 Մարտ 2013-ին Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, կիրակի, 10 մարտ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի մրցաշարք մը:
Տեղի պիտի ունենայ 5 դասակարգի մրցումներ` հետեւեալ ձեւով. 8 տարեկանէն վար, 10 տարեկանէն վար, 12 տարեկանէն վար, 14 տարեկանէն վար եւ 16 տարեկանէն վար:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 9 մարտ, երեկոյեան ժամը 20:00-ը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ճատրակի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերել, պարտին հեռաձայնել օրուան գլխաւոր իրաւարարին` Էլի Հուլիշեանին (03-705210):
CATEGORIES Մարզական