Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջինքի Առիթով Այցելեց Ս. Նշան Մայր Եկեղեցի
Չորեքշաբթի, 6 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի` ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ դպրեվանքի ուսանողութիւնը:
Արեւագալի արարողութեան աւարտին խօսք առնելով` առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի հայոց թեմին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, վեհափառը ընդառաջած էր իրենց հրաւէրին: Ապա հրաւիրեց վեհափառը իր պատգամը ուղղելու հաւատացեալներուն:
Վեհափառ հայրապետը, ողջունելէ ետք լիբանանահայութիւնը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանի հայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն ու զաւակներուն: Այս տարի, վեհափառ հայրապետը իր հոգեւոր խորհրդածութեան առանցքը դարձուց Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն խօսքը` «Ես եմ կեանքի ճշմարիտ հացը»:
Վեհափառ հայրապետը բնաբանին ակնարկելով ըսաւ. «Առաջին հարցադրումը, զոր պէտք է կատարենք, հետեւեալն է` ինչո՞ւ Քրիստոս հացին նմանցուց իր մարդեղութեան ու առաքելութեան նպատակը», եւ բացատրեց, թէ «աւետարանները յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ Քրիստոս ընդհանրապէս առակներու ճամբով կը կատարէր իր ուսուցումները եւ իր պատգամը կը փոխանցէր մարդոց: Եւ որպէսզի իր ուսուցումները դառնային աւելի հասկնալի, ան իր առակները կ՛առնէր ժողովուրդի առօրեայ կեանքի պատկերներէն, երեւոյթներէն ու մտահոգութիւններէն»:
Շեշտելով հացին կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հացը կեանքի ամէնէն կենսական սնունդներէն մէկն է: Հակառակ այն իրողութեան, որ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ սննդեղէնի աշխարհին մէջ հացի գործածութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով սկսած է պակսիլ, սակայն հացը կը շարունակէ մնալ իբրեւ սնունդի հիմնական աղբիւր: Հացը իբրեւ հիմնական սնունդ նաեւ հոմանիշ է կեանքի: Ահա թէ ինչու Քրիստոս ինքզինք կը նմանցնէ հացի, այլ խօսքով` կեանքի. ո՛չ թէ սովորական հացի, այլ` ճշմարիտ հացի. եւ հետեւաբար` ճշմարիտ կեանքի: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է դիտել ու ըմբռնել Քրիստոսի յիշեալ հաստատումը: Քրիստոս մեր կեանքին ճշմարիտ հացն է: Ան աշխարհ եկաւ եւ իբրեւ հաց բաշխուեցաւ մարդոց: Քրիստոսի հետեւիլ, կը նշանակէ զՔրիստոս ընդունիլ իբրեւ ճշմարիտ հաց, մերժելով աշխարհին մեզի հրամցուցած բոլոր տեսակի «համով հաց»-երը, որովհետեւ այդ «հաց»-երը ապականիչ են: Քրիստոսը ընդունիլ իբրեւ ճշմարիտ հաց, կը նշանակէ այդ հացը ճաշակել, որովհետեւ այդ հացին ճաշակումով մենք պիտի ստանանք մեր կեանքի իսկական սնունդը` հեռու մնալով տեսակ-տեսակ մոլութիւններէ ու ախտերէ: Քրիստոսը դաւանիլ իբրեւ ճշմարիտ հաց, կը նշանակէ այդ հացը բաշխել ուրիշներուն` ուսուցանելով, ծառայելով, օգնելով»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց շեշտելով, թէ «Քրիստոս հաց եղաւ ու իբրեւ հաց բաշխուեցաւ: Ուստի, Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնել Քրիստոս-հացը: Մեր եկեղեցւոյ սուրբ պատարագի ընթացքին կ՛երգենք` մօտեցէ՛ք եւ ճաշակեցէ՛ք Քրիստոսի հացը, որովհետեւ ան քաղցր է ու յաւիտենական: Քրիստոս-հացի ճաշակումը մեր կեանքին պիտի տայ կենսունակութիւն ու քաղցրութիւն: Քրիստոս-հացին ճաշակումը մեզ պիտի պաշտպանէ կեանքի ամէն տեսակ մեղքերէ ու չարիքներէ»:
Ապա, աւանդութեան համաձայն, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ նախաճաշի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց դպրեվանքի երգեցողութիւնը, ապա անդրադարձաւ դպրեվանքի դերին կարեւորութեան` շեշտելով մարդուժի պատրաստութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին վիճակուած կարեւոր դերը եւ կոչ ուղղելով ծնողներուն իրենց զաւակները ղրկելու Դպրեվանք: Ապա, վեհափառ հայրապետը գնահատեց իրեն սեղանակից դարձած բարերարները` Բիւզանդ Գէորգեանը, Արթիւր Նազարեանը եւ Սուրէն Սարգիսեանը, որոնք իրենց զանազան բարերարութիւններով կարեւոր ներդրում կատարած էին թէ՛ կաթողիկոսարանի, թէ՛ Լիբանանի հայութեան վերածաղկման աշխատանքին մէջ: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի ունեւոր զաւակներուն` ազգին ու եկեղեցւոյ, դպրոցին ու մշակոյթին առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման բերելու իրենց գործօն մասնակցութիւնը:

