Նշմար. Նազարեանը` Զո՞հ, Թէ՞ Յանցագործ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական ոստիկանութիւնը Սամաթիոյ եւ Շիշլիի մէջ հայ տարեց կիներու դէմ կատարուած յարձակումներու հարցով 4 մարտին ձերբակալեց 38-ամեայ հայ մը` Մուրատ Նազարեանը: Թրքական իշխանութիւնները այժմ աշխատանք կը տանին զինք ներկայացնելու ոչ թէ իբրեւ կասկածեալ, այլ` հաստատ յանցագործ: Նպատակը յարձակումներուն ցեղապաշտական բնոյթը ծածկելն ու զանոնք իբրեւ հասարակ ոճիրներու շարք ներկայացնելն է: Իսկ ատիկա կատարելու համար լաւագոյն միջոցը հայ ամբաստանեալի մը «ստեղծումն» է: Եւ այստեղ է, որ կը յառաջանայ այն իրաւացի կասկածը, թէ Նազարեանը իսկութեան մէջ զոհ մըն է եւ ոչ թէ յանցագործ:
Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր «Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց, որ «նախքան անոր ձերբակալումը, գրգռիչ եւ խտրական դիպաշարեր գոյութիւն ունէին(…) Իրողութիւնը այն է, որ այստեղ հասարակ ոճիր մը գոյութիւն ունի»: Ան նաեւ չմոռցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ իշխանութիւններուն` «անոնց հանդարտ վերաբերմունքին համար»: Սակայն յարձակումի ենթարկուած տարեց կիներէն 87-ամեայ Թըրֆանտա Աշըքի թոռնուհին` Արեւ Ճեպեճի օրաթերթին ըսաւ, որ «անոնք ըսին, որ գողութեան փորձ էր, սակայն ան գողցաւ միայն ոսկեղէն, որ նիւթական արժէք չունէր»: Ինչ որ մտածել կու տայ, որ այդ արարքը ոճիրին բուն դրդապատճառը ծածկելու համար էր:
Թրքական իշխանութիւնները այժմ լծուած են Նազարեանի յանցագործի կերպարը համոզիչ դարձնելու աշխատանքին: Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Նազարեան նախապէս գողութեան երկու անջատ դէպքերու համար դատավճիռ ստացած անձ մըն է, խոստովանած է, թէ ինք կատարած է այս ոճիրները, անոր արեան քննութիւնը ցոյց տուած է, թէ Սամաթիոյ մէջ սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի պայուսակին վրայ գտնուած անծանօթ արիւնը նոյնն է, 15 այլ կասկածեալներ հարցաքննուած են, սակայն անոնց արիւնը ոճիրին վայրին մէջ գտնուած արիւնին չէ համապատասխանած, ուստի ազատ արձակուած են:
Նաեւ կը հաղորդուի, որ ոստիկանութիւնը վստահ է, թէ Սամաթիոյ մէջ գործուած ոճիրներուն հեղինակը Մուրատ Նազարեանն է, սակայն կը քննուի, թէ ան Շիշլիի մէջ գործուած յարձակումներուն հետ կապ ունի՞, թէ՞ ոչ: Այսպիսով, թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն առաջքը առնել հետագայ «անհաճոյ» զարգացումներու. եթէ Շիշլիի մէջ նոյնաբնոյթ ոճիր մը տեղի ունենայ, կրնան առարկել, թէ երկրորդ ոճրագործ մը գոյութիւն ունի, իսկ եթէ այդ ոճիրը Սամաթիոյ մէ՞ջ տեղի ունենայ… արդեօք պիտի ըսե՞ն, թէ Շիշլիի յանցագործը Նազարեանի ձերբակալումով ստեղծուած բացէն օգտուելով իր գործունէութեան դաշտը ընդլայնած է: Ի վերջոյ, հայ մը կամ Հրանդ Տինքի հարցին ծանօթ որեւէ անհատ ո՛չ թրքական իշխանութիւններուն, ո՛չ ալ ոստիկանութեան վրայ վստահութիւն կրնայ ունենալ:
Հակահայ վերջին յարձակումներուն իսկական հեղինակը, հեղինակները կամ պատուիրատուն հաւանաբար տակաւին երկար ատեն կամ երբեք չբացայայտուին, սակայն յուսանք, որ այսպիսով վերջին յարձակումներու շարքը աւարտի:

