Ժիրինովսքի Չաւեզի Մահուան Համար Մեղադրած Է Ամերիկեան Յատուկ Ծառայութիւնները

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտնած է, որ Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզի մահուան հարցին կրնան առնչուած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները: Ան նշած է, որ ամերիկացիները կրնային նպաստել հիւանդութեան զարգացման:

Ժիրինովսքի նաեւ յայտարարած է, որ Հիւկօ Չաւեզ «21-րդ դարու լաւագոյն նախագահն էր»:

«Չաւեզը իւրայատուկ տարողութեան գործիչ էր: Մենք կը ցաւինք, որ ան կեանքէն հեռացաւ: Կրնայ ըլլալ, որ ատիկա` քաղցկեղը, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւններու կազմակերպածն էր», ըսած է ան:

Ըստ Ժիրինովսքիի, Չաւեզի մահէն ետք վենեզուելական ընդդիմութիւնը, Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, պիտի փորձէ իշխանութեան հասնիլ:

Նախապէս Վենեզուելայի փոխնախագահ Նիքոլաս Մատուրօ կառավարութեան արտահերթ նիստի ընթացքին յայտարարած էր, որ Չաւեզի հիւանդութեան մեղաւորները արտաքին թշնամիներն են:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ «Հիւկօ Չաւեզի մահէն ետք, Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են Վենեզուելայի հետ կառուցողական յարաբերութիւններով»:

Չաւեզի մահուան առիթով, Էքուատորի, Քուպայի, Իրանի եւ Պիելոռուսիոյ մէջ սուգ յայտարարուեցաւ:

Միւս կողմէ, «Լայֆ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ քոլումպիացի լրագրող մը ուղիղ եթերի վրայ Չաւեզի մահուան լուրը հաղորդած ատեն յարձակումի ենթարկուած է:

«Առ.Սի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը գացած է այն հիւանդանոցին մօտ, ուր կը բուժուէր Չաւեզը եւ ցանկացած ուղիղ եթեր մտնել: Երբ ան խօսած է Չաւեզի մահուան մասին, քաղաքական գործիչները վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած են անոր հասցէին, սակայն լրագրողը շարունակած է իր աշխատանքը:

Նկարողը յաջողած է նկարել այն պահը, երբ քանի մը մարդիկ մօտեցած են իր գործընկերուհիին եւ հարուածած անոր գլխուն: Արիւնահոսող լրագրողը օգնութիւն խնդրած է իրաւապահ մարմիններէն, սակայն վերջիններս անտարբերութեամբ վերաբերած են տեղի ունեցածին: Միայն քանի մը վայրկեան ետք վիրաւորին մօտեցած են անցորդները եւ բժշկական առաջին օգնութիւն ցուցաբերած:

 

Share this Article
CATEGORIES