Արաբական Լիկան Իր Անդամներուն Իրաւունք Տուաւ Սուրիական Ընդդիմութեան Զինուորական Օժանդակութիւն Տրամադրելու
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարեցին: Ժողովի աւարտէն առաջ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ժողովի ընթացքին Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ աթոռը սուրիական ընդդիմութեան տալու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի: Սակայն ժողովի աւարտին լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հերքեցին այդ լուրը եւ նշեցին, որ ժողովը յայտնած է, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Սուրիոյ աթոռին տիրանալու համար պէտք է իշխանութիւն գոյացուցած ըլլայ, եւ այդ նպատակով մարմինին կոչ կ՛ուղղէ` գործադիր մարմին մը կազմելու:
Արաբական լիկան նաեւ իր անդամներուն իրաւունք տուաւ սուրիական ընդդիմութեան զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու, հակառակ անոր որ Ամրօ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց, որ «բոլորը համաձայն են, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը քաղաքական է», իսկ Արապի ըսաւ, որ զինուորական գետնի վրայ սուրիական ընդդիմութիւնը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, «սակայն լուծումը քաղաքական է»:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` Արաբական լիկային Սուրիոյ անդամակցութիւնը վերականգնելու: Ան Արաբական լիկան պատասխանատու նկատեց սուրիական տագնապի լուծման ձախողութեան համար` յայտնելով, որ «Սուրիան փրկելու համար անոր հետ կապ հաստատելն ու զայն դարձեալ ներգրաւելը քաղաքական լուծման համար կարեւոր է: Եթէ Սուրիոյ դիմագրաւած պատերազմին բոցը, ինչպէս նաեւ ամէն տեղ հարուածող ուրիշները անհաւատ նկատող շարժումները չմարենք եւ անոնց վերջ չտանք, այդ բոցը վաղը մեր բոլորիս տուները պիտի տարածուի»:
Աւելի ուշ Մանսուր կտրուկ կերպով հերքեց Գահիրէի մէջ լրատուամիջոցներու հաղորդած այն լուրը, որ նիստի ընթացքին իր եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի միջեւ բանավէճ մը տեղի ունեցած է:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ յայտնեց, որ «սուրիական տագնապը կը շարունակուի առանց անոր լուծման յստակ հեռանկարներու»: «Սուրիացի ժողովուրդին ամբողջ մեղքը այն է, որ ազատութիւն, արժանապատիւ կեանք եւ անկախութիւն պահանջեց, ուստի ինքզինք վարչակարգին սպանութեան մեքենային ու կազմակերպուած քանդումին դիմաց գտաւ», ըսաւ ան:
Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը սկիզբէն ի վեր կոչ ուղղած է այնպիսի քաղաքական հոլովոյթի եւ իշխանութեան փոխանցումի մը, որ կը պահպանէ սուրիական հողերուն միութիւնը, «եւ մենք կը գիտակցինք Սուրիոյ մէջ տագնապի երկարելուն վտանգներուն»: Ան նշեց, որ «տագնապը Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը եւ անոր բոլոր զաւակներուն հասարակաց կեանքի առիթները կը վտանգէ»:
«Մենք կը զօրակցինք սուրիական ընդդիմադիր ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի, առանց սուրիացի ժողովուրդի սկզբունքներէն հրաժարելու, տագնապին լուծման մը հասնելու ջանքերուն» ըսաւ Ամրօ` նշելով, որ «զինուորական լուծումը երկիրը յաւելեալ քանդումի պիտի առաջնորդէ»: Ան շեշտեց, որ Եգիպտոս պատրաստ է Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի նախաձեռնութեանց ու գաղափարներուն աջակցելու:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումները այլեւս բարդացած են»:
Մինչ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու եւ նշեց, որ Բրիտանիա Սուրիոյ ենթակառոյցներու նորոգման պիտի օժանդակէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբակցութիւնները քաջալերելու ամերիկեան ծրագիրներէն, որոնք կը ներառեն անոնց զէնքի մատակարարումը:
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութենէն քիւրտ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ քրտական պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ շաբաթ Մոսկուա պիտի այցելէ` ընդառաջելով ռուսական ղեկավարութեան հրաւէրին:

