Անցնող 9 Տարուան Ընթացքին 215 Ազրպէյճանական Սփիւռքեան Կազմակերպութիւններ Հիմնուած Են

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ազրպէյճանական նախարարաց խորհուրդին կողմէ Ազրպէյճանի խորհրդարանին ուղարկուած 2012-ի զեկուցումը կը հաղորդէ, որ անցնող 9 տարուան ընթացքին օտար երկիրներու մէջ բնակող ազրպէյճանցիներու կողմէ 215 սփիւռքեան կազմակերպութիւններ հիմնուած են:

Զեկուցումը կը յայտնէ, որ անցեալ տարուան ընթացքին սփիւռքեան 9 նոր կազմակերպութիւններ հիմնուած են: Այդպիսով, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող ազրպէյճանական սփիւռքի կազմակերպութիւններուն թիւը հասած է 433-ի:

Share this Article
CATEGORIES