Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ եթէ ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի, ապա իրենք նուազագոյնը 6 ամսուան նախապատրաստական աշխատանքի կարիք ունին: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնք կ՛արգելակեն երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարելիութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Պաալպեքի մէջ ձերբակալեց Ալի Մասրին, որ մեղսակցած է լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գործուած առեւանգումներու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իսլամ յարանուանութիւններու միջեւ մերձեցումին պատասխանատու կրօնական համաշխարհային համագումարի մէկ պատուիրակութիւնը, համագումարի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Մոհսեն Արաքին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղներուն սակերը 300 լ. ոսկիով նուազած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին հարցաքննութեան կանչելու` լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալուն պատճառով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանան հասած սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աշխուժացնելու իրենց շարժումները եւ միասնականութեամբ դիմագրաւելու դժուարութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը ոչ միայն թաղուած է, այլեւ` դարձած է անցեալին մաս կազմող օրէնք մը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան շատ երկար պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ` ընդգծելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է յետաձգուած նկատել: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Միքաթի համոզուած է, թէ ինք պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն, երբ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը ճշդուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիական ազատ բանակը արեւելեան Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջաններուն վրայ գտնուող 10 դիրքեր լքած է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կարիքը ունին երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ քննարկած են Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքին վերաբերող հարցեր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ խառն ընտրական օրինագիծին վերաբերող քննարկումները ոչ մէկ արդիւնքի յանգած են:

 

Share this Article
CATEGORIES