Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Այսօր Եունեսքօ-Ի Պալատին Մէջ Կը Նշէ Ուսուցչաց Տօնը

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ 17-րդ օրն ըլլալով կատարեց իր նստացոյցը, որ տեղի ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան դիմաց, ապա` նախարարութեան շրջափակին մէջ:

Ցոյցին մասնակիցները կառավարութենէն  պահանջեցին խորհրդարան փոխանցել իրենց իրաւունքներուն թղթածրարը:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները եւ ի՛նչ ալ ըլլան անոնց վնասները, խորհուրդը պիտի շարունակէ պահանջել իր արդար իրաւունքները: Ան բոլոր պետական պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները խրախուսեց շարունակելու պայքարը եւ պաշտպանելու իրենց արժանապատուութիւնը դրամատիրութեան դէմ:

Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ եթէ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն իրաւունքները չյարգուին, ապա Լիբանանի մէջ պետական քննութիւններ պիտի չկատարուին:

Ղարիպ կոչ ուղղեց պետական պաշտօնեաներուն պատրաստուելու` ազատագրելու համար ծովային կալուածները:

Նստացոյցէն ետք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ կարելի չէ տրուած որոշում մը կամ որոշումի մը վաւերացումը սառեցնել:

Նշենք, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի նշէ Ուսուցչաց տօնը եւ այդ տօնին հրաւիրած է բոլոր ուսուցիչները:

Պէտք է աւելցնենք, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ եւս պետական պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները կատարեցին նստացոյցեր ու քայլարշաւներ եւ պահանջեցին իրենց աշխատավարձերուն յաւելումին որոշումը փոխանցել խորհրդարան:

Այս նպատակով ցոյցեր կատարուեցան Պաաքլինի, Պէյթէտտինի, Զահլէի, Նապաթիէի, Պաալպեքի, Հերմելի, Ռաշայայի եւ Թրիփոլիի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )