Սապունճեան Այցելեց Ճարտարարուեստի Հետազօտութեան Հիմնարկ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հովանաւորեց եւ իր կարգին մասնակցեցաւ Լիբանանի երկրագործութեան, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյրի կողմէ Ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկ այցելութեան:

Այցելութեան աւարտին նախարար Սապունճեան քաջալերեց  Ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկին եւ Լիբանանի երկրագործութեան, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներուն համադաշնակցութեան միջեւ գործակցութիւնը:

Վ. Սապունճեան հաստատեց տնտեսական աճ արձանագրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան արտադրութիւններուն որակը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն պաշտպանութեան բոլոր չափանիշները յարգելու կարեւորութիւնը` կիրարկելով հանդերձ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած աշխատանքը:

Շքէյր Ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկի տնօրէն Պասսամ Ֆրընին յանձնեց յուշանուէր մը` բարձր գնահատելով հիմնարկին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ գնահատեց հիմնարկին զարգացման համար ի գործ դրուած բոլոր ջանքերն ու լիբանանեան տնտեսական կեանքին մէջ հիմնարկին ունեցած հիմնական դերակատարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES