«Շրջանային Տագնապներուն Առումով Անշեղ Կը Մնամ Կառավարութեան Որդեգրած Չէզոք Կեցուածքէն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հաստատեց, որ շրջանային տագնապներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին առումով, ինք անշեղ կը մնայ կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքէն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է իր պաշտօնական կեցուածքին, որ վերահաստատուած է նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» մէջ:
Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ իրենք մտահոգ են, թէ ոմանք կը ջանան յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
Ֆլեչըր նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որ մարդկային լուրջ հարց մըն է` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օժանդակելու Լիբանանին:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի գործադրութեան պատասխանատու Տերեք Փլամպլիի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան տեղեկագիրը եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն առնչուած հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ:


