Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու եւ հակակշիռի տակ պահելու համար երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակը զինելու հնգամեայ ծրագիրին գործադրութեան հեռանկարները, որպէսզի բանակը կարենայ պաշտպանել երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ պահպանել լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատ եւ Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահեց նախարարական յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահին կատարելիք ափրիկեան շրջապտոյտին վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 12 մարտին, նախագահ Սլէյման պիտի այցելէ չորս ափրիկեան երկիրներ, որոնց հետ պիտի քննարկէ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )