Այն Թինէի Մէջ Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Ժոմպլաթը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցաւ ընկերային հարցերու նախարար Ուէալ Ապու Ֆաուր:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ ունեցած իր քննարկումները դրական եւ արդիւնաբեր եղած են` աւելցնելով, որ Պըրրի հաստատած է, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան միայն  համախոհական ընտրական օրինագիծի մը պարագային:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է աշխատին յանգելու համախոհական օրինագիծի մը, որ կրնայ խառն ըլլալ` համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն միջեւ, այլ խօսքով` ընտրական օրինագիծ մը, որ 1960-ի եւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքներուն միջեւ է», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ Պըրրի ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնք յայտնեցին, թէ խորհրդարանի նախագահը խիստ նեղացած է Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութենէն` աւելցնելով, որ ըստ անոր, Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը միակն է, որ օրէնքի վերածուելու արժանի է:

Երեսփոխանները յայտնեցին նաեւ, որ Պըրրի տակաւին կը սպասէ ընտրական նոր օրինագիծերու:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Իսլամ յարանուանութիւններու միջեւ մերձեցումին պատասխանատու կրօնական համաշխարհային համագումարի մէկ պատուիրակութիւնը, համագումարի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Մոհսեն Արաքին, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի: Հանդիպումէն ետք շէյխ Արաքի յայտնեց, որ համագումարին կողմէ կազմուած է յանձնախումբ մը, որ արաբական աշխարհին մէջ իսլամ յարանուանութիւններուն միջեւ մերձեցումին համար ամէն իմաստով պիտի աշխատի:

Շէյխ Արաքի աւելցուց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է այդ յանձնախումբին նիստը Պէյրութի մէջ կատարելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES