Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Արա Խաչատուրեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Շաբաթ, 2 մարտին Հայաստանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Խաչատուրեան այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին: Լիբանանի հաւատարմատարը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի, դեսպանութեան աշխատակից Յովիկ Էօրտեքեանի եւ հայաստանաբնակ լիբանանահայերու ներկայացուցիչներէն Սիմոն Գաֆալեանի եւ Գաբրիէլ Փանոսեանի ընկերակցութեամբ արծաթափայլ եղեւնի տնկեց Ծիծեռնակաբերդի Յիշողութեան պուրակին մէջ:

Արա Խաչատուրեան Հայաստանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարն է մայիս 2012-էն ի վեր: Լիբանանահայ դիւանագէտը շուտով կը ստանձնէ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնը: Ան Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական անձնակազմին միացած է 1997-ին:

Share this Article
CATEGORIES