Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Դուրս Եկած Է Վերակենդանացման Բաժանմունքէն

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան պատրիարքը, որ առողջութեան յանկարծակի վատթարացման պատճառով մուտք գործած էր Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք, տեղափոխուած է սենեակ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը նախորդ շաբաթ ջերմութեան բարձրացման եւ արեան ճնշման յանկարծակի անկումի պատճառով տեղափոխուած էր Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք: «Շաբթուան ընթացքին բուժումը ունեցաւ իր դրական արդիւնքը եւ նորին ամենապատուութեան մօտ նշմարուած խանգարումները նուազեցան: 5 մարտին սրբազանը փոխադրուեցաւ հիւանդանոցին մէջ գտնուած իր սենեակը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )