Նախկին Թեկնածուին Դէմ Երկու Ամսուան Կալանաւորման Որոշում` Հայրիկեանի Մահափորձին Հարցով
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ նախագահի նախկին թեկնածու, իբրեւ դիւցազնագէտ ներկայացող Վարդան Սեդրակեան կը մեղադրուի նախագահի նախկին թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորումի ղեկավար Պարոյր Հայրիկեանի սպանութիւնը պատուիրելու համար:
Նախանցեալ օր մեղադրանք առաջադրուեցաւ Վարդան Սեդրակեանին Քրէական օրէնսգիրքի 34-305-րդ յօդուածին յատկանիշներով` տուեալ պարագային պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի սպանութեան փորձին համար, որ կը պատժուի 10-էն 15 տարուան ժամկէտով կամ ցմահ բանտարկութեամբ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան միջնորդութեամբ Երեւանի Կեդրոնի եւ Նորք-Մարաշի վարչական շրջաններուն ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշում տուաւ Վարդան Սեդրակեանի նկատմամբ երկամսեայ կալանք կիրարկելու մասին:
Սեդրակեանի փաստաբան Ալեքսանտր Սիրունեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ դիւցազնագէտը չ՛ընդունիր իրեն հասցէագրուած մեղադրանքը:
Ներկայիս նախագահի նախկին թեկնածուն կը գտնուի «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ, որ աւելի յայտնի է իբրեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարան:
Սեդրակեան կը հրաժարի ցուցմունք տալէ, քանի որ, ինչպէս փաստաբանը կ՛ըսէ, առայժմ իրենց յայտնի չեն այն հիմքերը, որով Սեդրակեան կը մեղադրուի:
Յայտնենք, որ Վարդան Սեդրակեան տակաւին նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ժամանակ համոզում յայտնած էր, որ ընտրութիւններէն ետք իրեն պիտի ձերբակալեն Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձին առնչութեամբ: Սեդրակեան այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց, երբ Հայրիկեանի դէմ մահափորձ կատարելու մեղադրանքով ձերբակալուեցան երկու անձեր` Խաչատուր Պօղոսեան եւ Սամուէլ Յարութիւնեան, որոնք, ինչպէս յետոյ յստակացաւ, Սեդրակեանի ծանօթներն են:


