ՀՅԴ-ն Եւ Ժառանգութիւնը Չեն Բացառեր Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մէկ Ցուցակով Մասնակցիլը
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան «Սիվիլնեթ»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չի բացառեր 5 մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ միասնական ցուցակով մասնակցելու կարելիութիւնը: Ան հաւանական նկատեց միասնական ցուցակին մէջ այլ քաղաքական ուժերու ընդգրկումը եւս:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ միասնական ցուցակով ներկայանալու պարագային ո՞վ պիտի գլխաւորէ զայն, ՀՅԴ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ անհրաժեշտ է նախ ներկայացուածութեան ձեւաչափը պարզել:
Համբարձումեան ընդգծեց, որ պէտք է սկիզբը ձեւաչափը յստակ դառնայ, թէ քաղաքական ո՛ր ուժերով կարելի պիտի ըլլայ միասնական ցուցակ մէջտեղ բերել:
Ինչ կը վերաբերի Երեւանի ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան առանձին ցուցակով մասնակցութեան կարելիութեան, ապա Համբարձումեան նշեց, որ կուսակցութիւնը տակաւին ժամանակ ունի մտածելու այս հարցին մասին:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Յովսէփ Խորշուդեան եւս չբացառեց աւագանիի ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան հետ միասնական ցուցակով մասնակցելու կարելիութիւնը: Ան նշեց, որ ներկայիս հարցը երկու կուսակցութիւններու քննարկման հանգրուանին մէջ կը գտնուի: