«Ժամանակն Է Գնահատելու Ներկայ Հանգրուանը Եւ Այն Մարտահրաւէրները, Որոնց Առջեւ Կանգնած Ենք» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Ժամանակն է գնահատելու ներկայ հանգրուանը եւ այն մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կանգնած ենք: Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դրած հարցումներն ու պահանջները իշխանութեան առջեւ գոհացում չստացան եւ մերժուեցան: Անգամ մը եւս պարզ է, որ որեւէ իշխանութիւն չի պատրաստուիր դիրքերը եւ իշխանութիւնը զիջելու եւ միակը շարժման թափ հաղորդելն է: Միշտ ուժի հետ հաշուի կը նստի իշխանութիւնը եւ կը սարսափի անկէ: Լուրջ զանգուածն է, որ կրնայ ստիպել իշխանութիւններուն զիջիլ եւ նոյնիսկ հեռանալ, եւ ատիկա կախուած է ժողովուրդի աշխուժութենէն», յայտնեց ՀՅԴ Հայաստան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

Ան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին աւելցուց, որ շարժման առջեւ կանգնած հարցը շարժման ճշգրիտ հունաւորումն է, պէտք է նպատակներու եւ սկզբունքներու յստակացում ըլլայ եւ յստակ գործողութիւններով ու քայլերով թափ հաւաքէ: Ռուստամեան ընդգծեց, որ եթէ տուեալ պահուն կարելի չ՛ըլլար ամբողջ իշխանութիւնը մէկ անգամէն վերցնել, պէտք է անոր երթալ քայլ առ քայլ:

Այսինքն, ասիկա կ՛ենթադրէ շարժման ողնաշարաւորում` ղեկավարութենէն մինչեւ մարզային ներկայացուցիչներ: Ըստ Ռուստամեանի, շարժումը պէտք է անցնի ինքնակազմակերպման նոր որակի մէջ, որ նոր լիցք պիտի հաղորդէ, այսինքն, մինչ ցայժմ շարժումը ինքնաբուխ էր, այժմ պէտք է կազմակերպել զայն:

«Առաջին հանգրուանը կրնայ ըլլալ Երեւանի մէջ յաղթանակը: Երեւանը պիտի դառնայ օրինակելի վայր, ուր պիտի ըլլայ այն ծրագիրներու իրականացումը, ինչ որ ժողովուրդը կը լսէ հրապարակին վրայ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը հանդիպումներ կ՛ունենայ, ներկայացուցած է շարժումը հունաւորելու ծրագիր, կազմակերպական կառոյցին իր պատկերացուցած ձեւը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ այսօր շարժումը սաղմնաւորման վիճակին մէջ կը գտնուի, եւ այսօր արդէն իշխանութիւնները կը նախատեսեն որոշակի զիջումներ կատարել, եւ եթէ շարժումը դառնայ ուժեղ գործօն, պիտի ըլլան աւելի մեծ զիջումներ: Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, դիրքային պայքարը կը շարունակուի, եւ իշխանութիւնները յոյս ունին, որ հանրահաւաքները պիտի մարին: Ռուստամեան շեշտեց խորքային բարեփոխումներու կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն` Արմէն Ռուստամեան անհրաժեշտ նկատեց ընդդիմութեան միասնական մասնակցութիւնը, որպէսզի ծառայութիւն չմատուցուի իշխանութիւններուն, եւ կոչ ուղղեց անձնական շահերը մէկ կողմ դնելու եւ ընդհանուր համաձայնութեան գալու:

Share this Article
CATEGORIES