«Հիասթափութիւն Թոյլ Պիտի Չտամ Ժողովուրդին Մօտ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան

18 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքներով երկրորդ տեղը գրաւած թեկնածու, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ յետընտրական հանդիպումներ կատարեց Տաւուշի մարզին մէջ:

Յովհաննէսեան նախ այցելեց Դիլիջան, այնուհետեւ` մարզական կեդրոն Իջեւան:

Նշենք, որ ընտրութիւններու պաշտօնական տուեալներով, Իջեւանի մէջ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յաղթեց գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեանին:

Նախքան Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ելոյթը` ոստիկանութիւնը Իջեւանի մէջ բարձրախօսով կը յայտարարէր, որ հաւաքը անօրինական է եւ մասնակիցները պիտի ենթարկուին վարչական պատասխանատուութեան: Րաֆֆի Յովհաննէսեան անմիջապէս կապ հաստատեց ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ անոր հաւաքը:

Ողջունելով հաւաքուածները` Րաֆֆի Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց յաղթանակին համար եւ նշեց, որ հանդարտ, սահուն ու սահմանադրական ձեւով կ՛ուղղուին դէպի իրենց նպատակը:

«Գործող նախագահը պէտք է հրաժարական տայ մինչեւ 9 ապրիլ: Ինք պիտի գայ Ազատութեան հրապարակ եւ հրաժարական տայ», յայտարարեց Յովհաննէսեան:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ իր գլխաւորութեամբ սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբ ստեղծելու` Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի առաջարկը, Րաֆֆի Յովհաննէսեան արձագանգեց, որ իր զրուցակիցը Սերժ Սարգսեանն է` տէ ֆաքթօ նախագահը, գործող նախագահը մինչեւ 9 ապրիլ: Յովհաննէսեան յայտնեց, որ եթէ Սարգսեան ըսելիք ունի, հրապարակ թող գայ, կամ ինք պիտի երթայ ժողովուրդին պատկանող այն գրասենեակը, ուր Սարգսեան պիտի նստի մինչեւ 9 ապրիլ: Ըստ անոր, անկէ անդին իր միակ զրուցակիցը Հայաստանի ժողովուրդն է:

«Եթէ Սերժ Սարգսեան ինծի ըսելիք ունի, ժողովուրդին յաղթանակը պատրաստ է ճանչնալ, համազգային այս պահանջը յարգել, տագնապի լուծում առաջարկել, ես կը լսեմ: Հաղորդակցութեանս ուղիները բաց են բոլորին առջեւ: Անոր համար ես կը սպասեմ: Պատասխանատուութիւն կը կրեմ եւ հիասթափութիւն թոյլ պիտի չտամ ժողովուրդին մօտ», աւելցուց ան:

Share this Article
CATEGORIES