50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1963)

Հայկական Կեանք

Քրիստոսի Կեանքը

Հայազգի Դերասան Մը
Առաքեալի
Դերը Կը Խաղայ

Քրիստոսի կեանքը շարժանկարի վրայ պիտի ներկայացուի` արտադրիչ Ճորճ Սթիվընզի կողմէ: Հայազգի դերասան Տէյվիտ Հետիսըն Քրիստոսի առաքեալներէն մէկուն դերը կը կատարէ: Քրիստոսի դերը ստանձնած է շուէտացի դերասան Մաքս Վոն Սիտով:

Ցարդ 26 շարժանկարներ պատրաստուած են Քրիստոսի կեանքին շուրջ:

«Մուսա Լերան 40 Օրերը»
Շարժանկարի
Պիտի Վերածուի՞

Տարիներէ ի վեր շարժանկարի ընկերութիւնները կը ծրագրեն շարժանկարի վերածել Ֆրանց Վերֆելի նշանաւոր գիրքը` «Մուսա լերան քառասուն օրերը»: Գործը մեծածախս ըլլալուն պատճառով ընկերութիւնները կը զգուշանան արագ նախաձեռնութենէ:

Միւս կողմէ, քաղաքական ազդակներ ալ արգելք կ՛ըլլան անմիջական նախաձեռնութեան: Թուրք կառավարութիւնը իր Ուաշինկթընի դեսպանին միջոցով մեծ աշխատանքներ տարաւ ձախողեցնելու համար ձեռնարկը:

Այժմ, սակայն, հաստատապէս կը հաղորդուի, թէ ձեռնարկուած է նախապատրաստական աշխատանքներու եւ ժապաւէնը պատրաստ պիտի ըլլայ 1964-ին: «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը կը հաստատէ այս լուրը:

Էլիա Քազանն ալ պիտի բեմադրէ շարժանկար մը, որ կը կոչուի «Ամերիկա, Ամերիկա»: Նիւթը շատ պարզ է:

Էլիա Քազանի հօրեղբայրներէն մին` Սթաւրոս Թոփուզօղոլու, Անատոլուի գիւղերէն կ՛որոշէ Ամերիկա մեկնիլ, երբ թուրքերը իր մտերիմ հայ բարեկամը կը սպաննեն:

Զինուորական Նոր Յեղաշրջում
Սուրիոյ
Մէջ

Այս առտու Դամասկոսի ձայնասփիւռը հաղորդեց, թէ զինուորական նոր յեղաշրջում մը տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ: Ձայնասփիւռը կը հնչեցնէ եգիպտական քայլերգներ, մասնաւորաբար` «Ալլահու աքպար»-ը, որ Փոր Սայիտի քայլերգն է:

Սուրիոյ բոլոր սահմանները եւ օդակայանները փակուած են:

Ձայնասփիւռէն խօսնակը յայտարարեց, թէ ազատութեան ձայնը կ՛արձագանգէ այսօր Դամասկոսէն, ԱՄՀ-ի, Ալճերիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ արաբական աշխարհի բոլոր ազատատենչ տարրերու ձայնին:

Ձայնասփիւռը կը հաղորդէ շնորհաւորական հեռագիրներ` յեղաշրջման յաջողութեան առթիւ:

Բոլոր հաղորդագրութիւնները ստորագրուած են «Յեղափոխութեան հրամանատարութեան Ազգային խորհուրդի»-ի կողմէ,: Կրակմարի դրութիւն հաստատուած է սուրիական ամբողջ հողամասին վրայ:

Զինուորական զանազան միաւորներու հրամանատարութիւններէն յարումի հեռագիրներ կը հասնին «Յեղափոխութեան հրամանատարութեան Ազգային խորհուրդ»-ին: Հեռագիրները կը խօսին արաբական միութեան մասին:

Շնորհաւորական հեռագիր մը եկած է նաեւ Պաղտատի ուսուցչական միութենէն` շեշտը դնելով սուրիական շարժումի ազատական, ընկերվարական եւ միութենական բնոյթին մասին:

Պաղտատի ձայնասփիւռը յայտարարեց, թէ իրաքեան բանակը եւ իրաքցի ժողովուրդը կը կենան Սուրիոյ կողքին` ի պաշտպանութիւն ժողովուրդի ազատութեան եւ ընկերային բարեշրջումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES