Արուեստի Աշխարհէն. Տանիըլ Տէյ-Լուիսի Խենթութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

(Ձախէն աջ. Տանիըլ Տէյ Լուիս օսքարի կ՛արժանանայ` «Մայ լեֆթ ֆութ» ժապաւէնին մէջ իր կատարած դերին համար (1990), «Տեր ուիլ պի պլատ» ժապաւէնին մէջ իր կատարած դերին համար (2008) եւ «Լինքըն» ժապաւէնին մէջ իր կատարած դերին համար (2013):

ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ԵՆ ԱՅՆ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐՈՒՄ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆ ՈՒ ԿԸ ՀԻԱՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԽՈՐ ՀՄՏՈՒԹԵԱՄԲ: ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱՍԱՆԻ ՕՍՔԱՐԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐԸ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿԷ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄՕՏԵՑՈՒՄ, ՈՐ ԶԻՆՔ ԱՐԺԱՆԻ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԻՐ ԵՐՐՈՐԴ ՕՍՔԱՐԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ «ԼԻՆՔԸՆ»Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԵՐԸ ԿԱՏԱՐԱԾ ՏԱՆԻԸԼ ՏԷՅ- ԼՈՒԻՍԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԸ:

Տանիըլ Տէյ -Լուիսը «մեթոտի մը հետեւող դերասան» մը որակել կը նշանակէ ստորագնահատել զայն: Տէյ-Լուիս, որ լաւագոյն դերասանի իր երրորդ օսքարին արժանացաւ այս տարի, շատ խորհրդաւոր լեզուով կը նկարագրէ իր արուեստը: Ան կը խօսի «այլ կեանքի մը ձգողական ուժին մասին, որ կը հրահրէ իր հետաքրքրութիւնը», ինչպէս նաեւ` կատարողական արուեստի «խորհրդաւոր» բնոյթին, որ գէթ ինք կը կիրարկէ նկարահանումի գործիքներուն դիմաց: Ան այնքան բուռն կերպով կը հաւատայ, թէ ինք իր մարմնաւորած տիպարն է, որ ակնդիրները կը կլանէ:

Սովորաբար շարժապատկերի աստղերը կը բնորոշուին իրենց անփոփոխ ոճով: Ճոն Ուէյն գրեթէ միշտ Ճոն Ուէյննն է: Քերի Կրանթ աստղերու դերակատարութեան գաղտնիքը կը նկարագրէ այսպէս. «Մարդոց կեանքին մէջ դառնալ այնքան ծանօթ իրենց, որքան` անոնց նախասիրած  սուրճին կամ թէյին վաճառանիշը»: Սակայն Տէյ-Լուիս հազուադէպօրէն դերեր կը ստանձնէ ժապաւէններու մէջ եւ հազուադէպօրէն կը կրկնէ ինքզինք: Երբ ան կը յայտնուի պաստառին վրայ, յաճախ արմատական նոր կերպարանափոխում մը կ՛ունենայ:

Բրիտանացի վերջին դերասանը, որուն ոճը կրնար մրցիլ Տէյ-Լուիսի յարափոփոխ յատկութեան հետ, Ալեք Կինեսն էր, որ նաեւ բարեկամ էր Տէյ-Լուիսի հօր` բանաստեղծ Սիսըլ Տէյ Լուիսի: Կինես կը կիրարկէր բրիտանական դերասանական մեթոտի իր սեփական տարբերակը: Երբ ան Ռոնըլտ Նիմի «Տը հորսը՛զ մաութ» ժապաւէնին մէջ կը մարմնաւորէր հերարձակ արուեստագէտի մը տիպարը, որոշած էր բնաւ չլուացուիլ նկարահանումի ամբողջ տեւողութեան:

Տէյ-Լուիս շատ աւելի հեռու կ՛երթայ. երբ ան Միլան Քունտերայի «Տի անպերըպըլ լայթնես աֆ պիինկ» գիրքին վրայ հիմնուած ժապաւէնին մէջ կը մարմնաւորէր կնամոլ վիրաբուժի դերը, չեխերէն սորված էր, թէեւ ժապաւէնը անգլերէն էր: Երբ ան կը պատրաստուէր կատարելու «Տը լասթ աֆ տը մոհիքընզ» ժապաւէնին մէջ ռազմաճակատի վրայ կռուող հերոսի դերը, սորված էր Ամերիկայի հնդիկներուն յատուկ փայտէ նաւակները շինելու ձեւը: Իսկ երբ «Մայլ լեֆթ ֆութ»  ժապաւէնին մէջ ընդոստ շարժումներով իրլանտացի արուեստագէտ Քրիսթի Պրաունի դերը կը մարմնաւորէր, գրեթէ նկարահանումին ամբողջ ընթացքին գամուած կը մնար իր անուաւոր աթոռին վրայ: «Մեզ կը կանչէր ժապաւէնին մէջ մեր մարմնաւորած տիպարներուն անունով, իսկ մենք զինք կը կանչէինք Քրիսթի: Խենթութիւն էր: Կը կերակրէինք զինք, աթոռով կը տանէինք տեղէ տեղ: ժապաւէնին նկարահանումին ամբողջ տեւողութեան միայն մէկ անգամ տեսայ, որ կը քալէր», ըսած է բեմադրիչ Ճիմ Շերիտընի աղջիկը` Քիրսթըն: Տէյ-Լուիս Օսքարի արժանացած էր իր այս դերին համար:

Տէյ- Լուիսի առեղծուածը այն է, թէ Կինեսի պէս ան տիպար մարմնաւորող դերասանն է, որ տարբեր ձեւով կը կատարէ տարբեր դերեր: Ան Կինեսէն աւելի գեղադէմ է եւ աւելի ճկուն մարմին մը ունի, սակայն անոր նման ջղագրգիռ է, հեռաւորութիւն մը կը պահէ շրջապատէն եւ կ՛աներեւութանայ իր մարմնաւորած տիպարներուն մէջ: Ան շատ տարբեր է դերասանութեան մեթոտ մը որդեգրած ամերիկացի մեծ դերասաններէն, ինչպէս` Մարլոն Պրանտօ, Ռոպըրթ տը Նիրօ եւ Ալ Փաչինօ, որոնք միշտ ճանաչելի են, որքան ալ ծայրայեղօրէն տարբեր տիպարներ մարմնաւորեն:

Տէյ- Լուիս ծանօթ է փայտագործութեան իր սիրով: Իւրաքանչիւր տիպար, որ կը մարմնաւորէ, կ՛արտացոլէ այն մանրակրկիտ հմտութիւնը, զոր կը ցուցաբերեն լաւագոյն ատաղձագործները, երբ կը կիրարկեն իրենց արհեստը: Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ ան անհեթեթ կերպով նպատակաուղղուած է կամ ամբարտաւան է: Անտանելի պիտի ըլլար զայն դիտելը, եթէ ան գէթ քիչ մը հաճոյք դրած չըլլար իր դերերուն մէջ:

Յայտնապէս ան հաճոյքով կատարած էր «Տը անպերըպըլ լայթնես աֆ պիինկ» ժապաւէնին մէջ նենգ կնամոլի տիպարը, ինչպէս նաեւ` «Մայ պիութիֆուլ լոնտրեթ» ժապաւէնին մէջ միասեռական Ճեքի տիպարը: Երբեմն զայն կարելի է մեղադրել` մնջախաղի յատուկ ոճով չարանենգ իր ձեւերուն համար եւ այն ցնցիչ բռնութեան, զոր ան կը ցուցաբերէ Մարթին Սքորսեզի «Կենկզ աֆ Նիւ Եորք» ժապաւէնին մէջ մսագործ Պիլի դերով:

Հետաքրքրական պիտի ըլլար բաղդատութիւն մը կատարել «Տեր ուիլ պի պլատ» ժապաւէնին մէջ (որուն համար Տէյ-Լուիս շահեցաւ Օսքար մը) անոր մարմնաւորած քարիւղի անգութ վաճառականի դաժան տիպարին եւ աւելի մեղմ Լինքընի կերպարին միջեւ. ան փայլուն կերպով կը մարմնաւորէ Ամերիկայի նախագահին խորամանկութիւնը, սակայն նաեւ` իմաստութիւնն ու իտէալապաշտութիւնը: Այս երկու տիպարները բեւեռային հակասութիւններ են, թէեւ երկուքն ալ` կատարելապէս ամերիկեան են:

Անցեալին, երբ ամերիկեան շարժապատկերի աշխարհին մէջ դերասաններ պարտաւոր էին կատարել այն դերերը, որոնք կը տրուէին իրենց մեծաւորներուն կողմէ, նման ձեւի ասպարէզ մը երեւակայել կարելի չէր: Օսքարի մրցանակները ստանալու առիթով արտասանած իր խօսքերուն մէջ Տէյ- Լուիս պերճախօս ձեւով ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ անձ մը, որ ինքզինքին թոյլ կու տայ համակուիլ` իր մարմնաւորած տիպարներով: Սակայն այս մօտեցումն է, որ զայն իւրայատուկ կը դարձնէ: Այս պատճառով է, որ ան երեք օսքարներ շահած է, թէեւ հազիւ տասը ժապաւէններու մէջ դեր ստանձնած է 1989-ին հրապարակուած «Մայ լեֆթ ֆութ»-էն ետք:

Լինքընի անոր մարմնաւորումը ցնցիչ է: Գաղտնի՞քը. ան ժամեր շարունակ մանրակրկիտ դիտած է Ալեքսանտըր Կարտնըրի լուսանկարները, որոնք կը պատկերեն Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմի օրերու Լինքընը: «Զանոնք կը դիտէի այնպէս, ինչպէս դուք ձեզ կը դիտէք հայելիին մէջ եւ հարց կու տաք, թէ ո՞վ է այն անձը, որ հայելիին մէջէն կը դիտէ ձեզ», կը բացատրէ Տէյ- Լուիս:

Երեւակայութեամբ եւ ուրիշին հետ զգալու իր յատկութեամբ ան իր տեսած Լինքընը դարձուցած է իրական: Ասիկա պարզապէս մնջախօսութիւն չէ, այլ խոր կապ մը ունի նախագահին զգացումները եւ մտածումի գործընթացները արտայայտելու կարողութեան հետ, անոր կեանքին առանձգային մէկ պահուն, ձայնով եւ շարժուձեւերով:

Այս ձեւի խաղարկութիւնը կարելի չէ սորվեցնել: Կարելի չէ մտածել ուրիշ ոեւէ մէկուն մասին, որ պիտի կարենար նոյն յանդգնութեամբ կատարել նման դեր մը կամ նոյն վճռակամութեամբ յառաջ տանիլ զայն: Տէյ-Լուիս շարժապատկերի իր սերունդի մեծագոյն դէմքերէն է, ճիշդ այն պատճառով, որ պատրաստ է նման անվեհեր քայլեր առնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )