Արուեստի Աշխարհէն. Հոլիվուտ` Յոռեգոյն Մակարդակի Վրայ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Պեն Աֆլեք կը շահի լաւագոյն ժապաւէնի օսքարը «Արկօ» ժապաւէնին համար եւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Քանատայի` քաւելով իր մեղքը:
ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՕՍՔԱՐԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ ՄԱՏՆԱՆՇԵԼԸ ՇԱԲԱԹՆԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՕՐՈՒԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ. «ԼԻՆՔԸՆ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԱՆԴԱՄ ՄԸ ՍԽԱԼ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷՐ ԹԻՒ 13 ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՐ` «ԶԻՐՕ ՏԱՐՔ ԹԸՐԹԻ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ ՏԱՆՋԱՆՔԻ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ (ԺԱՊԱՒԷՆԸ ԿԸ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆԱՑՆԷ «ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՒՆ»` ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՀԵՏՔԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ԵՒ ԶԱՅՆ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԷ` ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ՔԵՆ ԹԷՅԼԸՐ ԱՒԵԼԻ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐ ՁԵՒՈՎ ԻՐ ՁԱՅՆԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷՐ` ԸՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ 1979-ԻՆ ԻՐԱՆԻ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ 6 ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԽԱՂԱՑԱԾ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԵՐԸ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ Է «ԱՐԿՕ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՄԷՋ, ՈՐ ՇԱՀԵՑԱՒ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ», «ԿԼՈՊԸԼ ՓՈՍԹ», «ԷՄ. ԷՍ. ԷՆ.» ԿԱՅՔԵՐԷՆ ՀԱՄԱԴՐԱԲԱՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ «ԱՐԿՕ»-Ի ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
Ուսանողներ 1979-ին ներխուժած էին Իրանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը եւ 90 ամերիկացիներ պատանդ բռնած էին: Պատանդներէն վեցը յաջողած էին խոյս տալ եւ երկար ժամանակ ապաստան փնտռելէ ետք հասած էին Քանատայի դեսպան Քեն Թէյլըրի բնակարանը:
Թէյլըր կը գործակցէր ամերիկայի գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ, հետեւաբար ծանօթ անձ մըն էր ամերիկացիներուն համար: Սակայն ան չէր կրնար «հիւր» ամերիկացիները առաջնորդել օդակայան, երբ հակաամերիկեան բուռն զգացումներ կը տիրէին երկրին տարածքին:
Թէյլըր փախստականները թաքցուցած էր փոխ դեսպան Ճոն Շիրտաուանի Թեհրանի բնակարանին մէջ եւ դիւրացուցած էր անոնց փախուստը` դասաւորելով օդանաւի տոմսեր եւ համոզելով Օթաուայի պետութիւնը, որ կեղծ անցագրեր շնորհէր անոնց: Թէյլըր նաեւ ընդառաջած էր Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութեան եւ համաձայն գտնուած էր ամերիկացիները Իրանէն դուրս բերելու նպատակով մշակուած կեղծ նկարահանումի մը ծրագիրին: Եւ այս բոլորը` շարունակելով դիւանագէտի իր պաշտօնը:
Գաղափարը հետեւեալն էր. ընդյատակեայ գործողութիւններու մասնագէտ Թոնի Մենտեզ հոլիվուտեան ժապաւէնի արտադրիչի մը հետ իբր թէ կը ծրագրէր բեմադրել«Արկօ» անունով քանատական գիտաերեւակայական ժապաւէն մը, որ կ՛ուզէր նկարահանել Իրանի մէջ, սակայն խորքին մէջ նպատակը 6 ամերիկացիները Իրանէն դուրս բերելն էր իբրեւ նկարահանումի անձնակազմի անդամներ:
Այնուհետեւ Թէյլըր հերոսացած էր Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Այլ երկրի մը կողմէ ամերիկացի վեց պատանդներուն ազատագրումը ցնծութեան ալիք մը բարձրացուց,- կ՛ըսէ Թէյլըր:- Ամերիկացիք հակազդեցին արտասովոր ձեւով. երկու շաբաթ խմիչքը ձրի էր քանատացիներուն համար, նոյնպէս` դահուկելը, պասով տեղափոխութիւնը: Ոստիկանութիւնը կ՛անտեսէր տուգանքները»:
Թէյլըր Օսքարի մրցանակաբաշխութենէն առաջ յայտարարած էր. ««Արկօ»-ի մէջ Քանատան եւ Օթաուան գոյութիւն չունին: Մեծ ժապաւէն մըն է, այո՛, բայց Քանատայի մէկ պատմութիւնն է, որ յանկարծ ամբողջութեամբ կը վերածուի ամերիկացիներու պատմութեան»:
«Չեմ ուզեր իմ կարծիքներս կեդրոնացնել իմ դերակատարութեանս վրայ: Ամբողջ քանատական դեսպանատունը գործի լծուած էր», ըսած է Թէյլըր:
«Չեմ ուզեր խիստ քննադատել Թոնի Մենտեզը,- աւելցուցած է ան:- Կ՛ուզեմ իրեն տալ այն պատիւը, որուն արժանի է: Սակայն միաժամանակ ես քանատացի եմ եւ յաւելեալ հանդուրժողութիւն չեմ կրնար ցուցաբերել»:
Քանատացիներ քննադատած էին ժապաւէնը` ըսելով, թէ անիկա Քանատան կը վերածէր պարզապէս Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութեան հերոսները դիտողի եւ կը նսեմացնէր Քանատայի դերը` ամերիկացի պատանդներու փրկութեան աշխատանքին մէջ:
Թէյլըր նաեւ յայտնած էր, թէ «շատ աւելին պիտի մտածէր» Աֆլեքի մասին, եթէ «Արկօ» շահէր լաւագոյն ժապաւէնի օսքարը եւ ան որեւէ ձեւով շնորհակալութիւն չյայտնէր քանատացիներուն, որոնք այնքան մեծ դեր խաղացած էին դէպքերու իրական ընթացքին մէջ:
Աֆլեք Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Քանատայի
Թէյլըր, որ անձնական մեծ վտանգներ դիմագրաւելով` պաշտպանած է ամերիկացի պատանդները, ուրախութեամբ ողջունած է Պեն Աֆլեքի յայտարարութիւնը, երբ ան շնորհակալութիւն յայտնած է Քանատայի` շահելէ ետք լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակը:
«Ի վերջոյ ան նշեց Քանատան,- յայտարարեց Թէյլըր:- Տուեալ պայմաններուն մէջ լաւ էր անոր խօսքը: Անիկա կ՛ընդունէր Քանատայի դերը: Յայտնապէս ժապաւէնը կը վերաբերի Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութեան գործակալ Թոնի Մենտեզի: Կը կարծեմ, թէ նախագահ Քարթըրի ակնարկութիւնները կը հաւասարակշռեն իրերը»:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր օսքարներու մրցանակաբաշխութենէն առաջ խեղաթիւրում որակած էր ժապաւէնը եւ պատկերասփիւռէն կատարած էր հետեւեալ հաստատումը. «Պատանդներու փրկութեան համար ներկայացուած կարծիքներուն եւ ծրագիրներուն գործադրութեան 90 առ հարիւրը կը պատկանէր քանատացիներուն, սակայն ժապաւէնը գրեթէ ամբողջ պատիւը կը վերապահէ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան: Մինչդեռ գլխաւոր հերոսը, իմ կարծիքով, Քեն Թէյլըրն էր, որ կազմակերպեց ամբողջ գործընթացը»:
Քարթըր կ՛աւելցնէր, թէ «Արկօ» քանատացիները կը պատկերէ այնպէս, կարծէք անոնք պարզապէս ականատես դարձած են տագնապին:
Թէյլըր եւ Քարթըր շեշտած են, թէ Մենտեզ (որուն դերը կը կատարէ Պեն Աֆլեք) Իրանի մէջ մնացած է միայն մէկուկէս օր:
«Ժապաւէնը պաստառի վրայ է, նախագահ Քարթըր արտայայտեց իր կարծիքը, եւ այստեղ կ՛աւարտի ամէն ինչ: Իրապաշտ ըլլալու համար պէտք է ըսել, թէ այս պայմաններուն մէջ աւելին կարելի չէ ընել», կ՛ըսէ Թէյլըր:
«Արկօ» նաեւ ոչ մէկ ձեւով կը յիշատակէ Շիրտաունը`քանատական դեսպանատան առաջին քարտուղարը: Թէյլըր կ՛ըսէ, թէ Շիրտաունն էր, որ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ստացած էր ամերիկացի դիւանագէտներէն, որոնք յաջողած էին խոյս տալ իրանցի զինեալներէն եւ անմիջապէս համաձայնած էր ընդունիլ զանոնք իր տան մէջ: Շիրտաուն մահացաւ դեկտեմբեր 30-ին: Անոր կինը` Զենա, «յուսախաբութիւն» որակած է ժապաւէնը:
«Արդէն գոյութիւն ունի ցնցիչ ժապաւէն մը Քանատայի դեսպան Թէյլըրի մասին: Անիկա պատմութիւնը կը վերարտադրէ մինչեւ Թոնի Մենտեզի յայտնութիւնը,- ըսած է Աֆլեք` ակնարկելով 1981-ին հրապարակուած «Ըսքէյփ ֆրամ Իրան. տը քենետիըն քէյփըր» ժապաւէնին:- Մեր նպատակը այս ժապաւէնը վերարտադել չէր»:
«Արկօ»-ի բնագիրին հեղինակը` Քրիս Թերիօ, որ շահեցաւ լաւագոյն բեմագրութեան հեղինակի օսքարը, Թէյլըրն ու Շիրտաունը յիշատակեց իր խօսքին մէջ` ողջունելով Մենտեզը:
«Թոնի 33 տարի առաջ իր ստեղծագործ եւ խելացի ուղեղը օգտագործելով` 6 հոգի փրկեց շատ նեղ կացութենէ մը,- ըսաւ Թերիօ, որ իր բեմագրութիւնը հիմնած է Մենտեզի «Տը մասթըր աֆ տիսկայզ» գիրքին վրայ, ինչպէս նաեւ` «Ուայրտ» թերթին մէջ լոյս տեսած Ժոշուա Պիրմանի մէկ յօդուածին:
«Հետեւաբար այս մրցանակը կը նուիրեմ իրեն, թէյլըրներուն եւ շիրտաուններուն, եւ աշխարհի տարածքին, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Իրանի մէջ ապրող բոլոր մարդոց, որոնք իրենց ստեղծագործ եւ խելացի ուղեղը կ՛աշխատցնեն ոչ բիրտ միջոցներով լուծելու համար հարցերը»:
Թէյլըր իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ Թերիօ յիշած է Շիրտաունը, նաեւ` Շիրտաունի կնոջ եւ իր կնոջ անունները:
«Ան մրցանակը նուիրեց Թոնի Մենտեզի, ինչ որ հասկնալի է, որովհետեւ ժապաւէնին բեմագրութիւնը անոր մասին է», ըսած է Թէյլըր:
Ստեղծագործական Ազատութեան Սահմանները
Թորոնթոյի մէջ զրոյցի մը առիթով Թէյլըր լուսարձակի տակ առած էր «Արկօ»-ի մէջ ի գործ դրուած ստեղծագործական ազատութեան բազմաթիւ երեւոյթները:
«Կարելի է շատ բան ըսել, սակայն հետաքրքրականը այն է, թէ Հոլիվուտի մէջ ժապաւէններու բեմագրութիւններու այս հեղինակը գաղափար չունի, թէ ի՛նչ բանի մասին կը խօսի», ըսած էր ան:
Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ ժապաւէնին յատուկ մէկ ցուցադրութեան ներկայ գտնուելէ ետք 78 տարեկան Թէյլըր հարցազրոյցներ տուած է «Արկօ»-ի տեսերիզներուն համար, որոնք հրապարակուեցան անցեալ շաբաթ: Ան յայտարարած է, թէ այս ձեւով յաջողած է լուսարձակի տակ առնել այն հարցերը- ինչ կը վերաբերի «Արկօ»-ի մէջ իրանցի ժողովուրդին պատկերումին եւ այլ սխալներու, զորս ինք նկատած է ժապաւէնին մէջ:
Թէյլըրի բարեկամները զայրացած էին սեպտեմբերին, երբ «Արկօ»-ի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին: Ժապաւէնին բնագիրին վերջաւորութեան պաստառին վրայ երեւցող տողերը կ՛ըսէին, թէ Թէյլըր 112 յիշատակումներու եւ մրցանակներու արժանացած է պատանդներուն փրկութիւնը ապահովելուն համար, սակայն ան արժանի չէր անոնց, որովհետեւ Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութիւնն էր, որ որոշած էր, թէ պէտք էր Քանատայի վերապահել ամերիկացիներուն փախուստին օգնելու պատիւը:
Թէյլըր ժապաւէնին աւարտին յայտնուող այս տողերը որակած էր «ամօթալի եւ նախատական» եւ նշած էր, թէ անոնք մեծ զայրոյթ պիտի յառաջացնէին Քանատայի մէջ, եթէ վերատեսութեան չենթարկուէին: Այնուհետեւ Աֆլեք Լոս Անճելըս հրաւիրած էր Թէյլըրը եւ անոր առիթ տուած էր կցելու այնպիսի վերջաբան մը, որ որոշ չափով պատիւ կ՛ընծայէր Քանատայի:
Վերջաբանը այժմ կ՛ըսէ. «Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութեան դերակատարութիւնը եկաւ իրենց լրումին հասցնելու Քանատայի դեսպանատան ճիգերը` ազատագրելու Թեհրանի մէջ պատանդ պահուած վեց ամերիկացիները: Մինչեւ այսօր այս պատմութիւնը կը մնայ յարատեւ օրինակ մը` պետութիւններու միջեւ միջազգային գործակցութեան»:
Աֆլեք զարմանք յայտնած է, որ Թէյլըր տակաւին վերապահ է ժապաւէնին նկատմամբ: Ան համաձայն գտնուած է Թէյլըրի մէկ առաջարկին` պատրաստելու վաւերագրական ժապաւէն մը Իրանի պատանդներու տագնապին մէջ Քանատայի դերին մասին եւ այս նպատակով գործակցելու Թէյլըրի հետ:
Թէյլըր կ՛ըսէ, որ թէեւ իրեն համար անակնկալ էր այս լուրը, սակայն ինք պատրաստ է դառնալու նման վաւերագրական ժապաւէնի մը պատմիչը: