Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով. «Հայ Կնոջ Դիմաց Ոչ Մէկ Փակ Դուռ Կայ, Եւ Ժամանակն Է, Որ Կինը Ներկայութիւն Դառնայ Հանրային Կեանքին Մէջ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սօսի Փօլատեան
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Կիներու միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատու անդամ Սօսի Փօլատեանի հետ` մեկնելով վերոյիշեալ խորհուրդին մէջ անոր ունեցած գործունէութենէն ու փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ վերջերս այդ առնչութեամբ կայացած Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան Դ. համագումարին անոր բերած մասնակցութենէն:
Շուրջ 15 տարուան գործունէութեան լոյսին տակ Սօսի Փօլատեան իր խօսքը կ՛ուղղէ լիբանանահայ կնոջ` շեշտելով, որ ոչ մէկ դուռ պէտք է փակ մնայ անոր դիմաց:
«Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ամբողջ գործունէութիւնս համակուած է այն իրականութեամբ, որ ես հայ եմ, այլ խօսքով` ես հայ-լիբանանցի կը զգամ: Ինծի համար շատ իմաստալից էր, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը 2010 թուականը հայ կնոջ տարի յայտարարեց: Ճիշդ է, որ այս տարի վեհափառ հայրապետը հայ մօր տարի յայտարարած է, սակայն ես միշտ իբրեւ ուղեցոյց ունիմ 2010-ին Արամ Ա. վեհափառին հրապարակած պատգամը», ըսաւ ան ու մէջբերեց Արամ Ա. կաթողիկոսի հետեւեալ տողը. «Չմոռնանք, որ առանց կնոջ առանցքային դերակատարութեան` այր մարդուն կողքին, մեր հաւաքական կեանքը շատ բան պիտի կորսնցնէ իր կենսունակութենէն ու որակէն»:
Սօսի Փօլատեան շեշտեց, որ այս պատգամը շատ իմաստուն է եւ կոչ ուղղեց արական սեռին` նեցուկ կանգնելու հայ կնոջ, որովհետեւ անոնք միասնաբար կրնան կերտել հայ ընկերութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ հայ կնոջ` զարգանալու ու չանտեսելու իր ուսումը եւ իր տեղը ունենալ հանրային կեանքին մէջ, որպէսզի կարենայ պարտադրել իր գիտութիւնը եւ խոհեմութիւնը:
Մարտ 8-ը պաշտօնապէս Կիներու միջազգային օր նշանակելու նախօրեակին տիրող պատմական իրողութիւններուն մասին խօսելով, Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ ֆեմինիստական շարժումը սկսած է 1900-ական թուականներէն, աւելցնելով, որ 1908-ին յատկանշական դարձած է այդ շարժումը, երբ 15 հազար կիներ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած են քայլարշաւի մը եւ պահանջած ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ստանալ:
Ան նշեց, որ 1910-1913-ին տեղի ունեցած միջազգային ժողովներուն ընթացքին գերմանացի կին գործիչ Քլարա Զետքիի առաջարկով քննարկուեցաւ 8 մարտը կիներու միջազգային օր յայտարարելու կարելիութիւնը, որ վերջնականապէս մեծ պետութիւններուն կողմէ որդեգրուեցաւ 1913-ին:
Սօսի Փօլատեան աւելցուց, որ այդ շարժումներն ու միջազգային գետնի վրայ որդեգրուած քայլերը շարունակուեցան մինչեւ 1970-ական թուականներ` պահանջելով կիներուն շնորհել իրենց բոլոր իրաւունքները:
ՄԱԿ-ի կողմէ 1975-ը յայտարարուեցաւ կիներու տարի, իսկ անոր յաջորդած քսան տարուան լուրջ աշխատանքէ ետք բոլոր երկիրները ընդունեցին կիներուն իրաւունքները յարգելու եւ անոնց զարգացման ու հզօրացման անհրաժեշտութեան գաղափարը. այսպիսով, 1995-ին Փեքինի մէջ գումարուած համաշխարհային նիստի մը ընթացքին որոշուեցաւ իւրաքանչիւր պետութեան մէջ Կիներու ազգային խորհուրդներ կազմել:
Լիբանանի մէջ 1998-ին կազմուեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը, որ իր գործունէութեան առաջին տարիներուն լիբանանեան ընկերութեան մէջ շատ ճանչցուած չէր, որովհետեւ տակաւին նորակազմ այդ խորհուրդը կազմակերպուելու կարիք ունէր:
Սակայն վերջին հինգ կամ վեց տարիներուն ընթացքին անիկա լաւապէս ճանչցուած է ու բազմաթիւ իրագործումներ կատարած, ինչպէս նաեւ տասնամեայ իր ծրագիրը մշակած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութիւն մը ստեղծելով եւ անոնց հետ փոխադարձ խոհրդակցութիւններ կատարելով:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին այսօրուան կացութեան մասին խօսելով` Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ լիբանանցի կիներուն իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով խորհուրդը բաւական դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի, սակայն երբեք չի յուսահատիր:
«Խորհուրդին համար հիմնական մարտահրաւէր մըն է լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքին հաստատումը: Խիստ մերժելի է այն իրականութիւնը, որ կիները իրենց զաւակներուն չեն կրնար քաղաքացիութիւն շնորհել: Մենք այս իմաստով կառավարութեան ներկայացուցած մեր օրինագիծը վերամշակելու ընթացքին մէջ ենք», շեշտեց ան:
Սօսի Փօլատեան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կիներուն դէմ գործուած բռնութիւնները իրենց կարգին հսկայ հարցեր են, որոնք պէտք է լուծուին: Հոս պէտք է ըսել, թէ լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը այս իմաստով սերտօրէն կը գործակցի «Քաֆա» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հետ եւ կը փորձէ անոր հետ խորհրդակցաբար օրէնքներ մշակել:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի պարագային մեծ աշխատանք պէտք է տարուի նաեւ այն իմաստով, որ կիները հանրային եւ քաղաքական կեանքին մէջ լայն գործունէութիւն ունենան:
«Լիբանանի մէջ փաստուած իրողութիւն է, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընտրողներուն համեմատութեան մեծամասնութիւնը կիներ են, սակայն ընտրուելու պարագային անոնք մեծ տոկոս մը չեն ներկայացներ, հակառակ անոր որ կան մեծ թիւով ատակ կիներ, որոնք կրնան ծառայել խորհրդարանին, կառավարութեան, քաղաքապետարաններուն եւ պետական այլ հաստատութիւններու մէջ: Հետեւաբար խորհուրդը ճիգ պիտի չխնայէ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային կիներուն ներկայացուցչութեան նպատակով ճշդուած 30 առ հարիւրի համեմատութեան իրագործումը պահանջելու. ասիկա իբրեւ նախաքայլ, որովհետեւ խորքին մէջ այդ համեմատութիւնը նուազագոյնն է, որ կարելի է տալ կնոջ ներկայացուցչութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներկայիս առկայ ընտրական օրինագիծերէն ոչ մէկը նկատի ունեցած է կիներուն ճշդուած 30 առ հարիւրի համեմատութիւնը, բացի նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի մշակած օրինագիծէն:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին մէջ իբրեւ պատասխանատու, Սօսի Փօլատեան փետրուարի աւարտին մեկնած էր Ալճերիա, ուր ան իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ մասնակցած էր Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան համագումարին, որուն ներկայ գտնուած էին կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներէն պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ ոչ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Սէուտական Արաբիա:
Ալճերիոյ համագումարին մասնակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմող Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2000-ին, արաբական երկիրներու Առաջին տիկիններուն, յատկապէս Եգիպտոսի նախկին Ա. տիկին Սիւզան Մուպարաքի ջանքերով:
Ան շեշտեց, որ Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան նախագահութիւնը ստանձնած են այդ կազմակերպութեան անդամ Ա. տիկինները, իսկ անոր աշխատանքներուն կը հսկէ գործադիր խորհուրդ մը, որուն ատենապետութիւնը կը ստանձնէ կազմակերպութեան անդամ երկրի մը պետութիւնը` երկամեայ նստաշրջանի համար:
Այս առումով, Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ 2010-2012 Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած էր Լիբանանը, որուն ներկայացուցիչ նախագահն էր դոկտ. Ֆատիա Քիուան:
Գործադիր խորհուրդին կողքին կայ նաեւ ընդհանուր տնօրէն մը, որ քառամեայ դրութեամբ կը ստանձնէ կազմակերպութեան աշխատանքներուն հետեւելու եւ բոլոր երկիրներուն միջեւ կազմակերպութեան գործունէութեան համադրումի աշխատանքին:
Ընդհանուր տնօրէնը կը մնայ Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Գահիրէի մէջ:
Կեդրոնին մասին խօսելու ընթացքին Սօսի Փօլատեանին ձայնին կշռոյթը կը փոխուի եւ ան կ՛ուզէ իւրայատուկ մէկ այլ տեղեկութիւն մը բաժնել նաեւ հայ ընթերցողին հետ:
Ան յատուկ շեշտով մը կ՛ըսէ. «Երբ այդ կեդրոնին պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցանք, տարբեր հմայք մը գրաւեց զիս: Կեդրոնը, որ երկյարկանի հին տուն մըն էր ու վերակառուցուած էր կազմակերպութեան աշխատանքներուն համար, նուէր տրուած էր Սիւզան Մուպարաքին կողմէ: Չկարենալով զսպել հիացմունքս, զայն արտայայտեցի կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Ուատուտա Պատրանի, որ բացայայտեց, թէ այդ բնակարանը օրին Ա. տիկին Մուպարաք վարձած է Գահիրէի հայոց թեմի առաջնորդարանէն` նկատի ունենալով, որ անիկա պատկանած է հայ ընտանիքի մը, որ Քանատա գաղթելէ ետք, զայն նուիրած է Առաջնորդարանին: Ան աւելցուց, որ տիկին Մուպարաք այս բնակարանը յարմար գտած էր վերածելու համար կազմակերպութեան կեդրոնին եւ երբ անոր սեփականատէրը փնտռած էր, ի յայտ եկած էր, որ անիկա հայոց թեմին կալուածներէն է, ուստի դիմած էր թեմին ու վարձած զայն»:
Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը գործէ Արաբական լիկայի հովանաւորութեամբ եւ կարելի է ըսել, որ անիկա ուղղակի Արաբական լիկային ճիւղաւորումն է:
Ներկայիս Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան նախագահն է Սուտանը: Կազմակերպութեան կ՛անդամակցին 16 արաբական երկիրներ, որոնք են. Յորդանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Թունուզ, Ալճերիա, Սուտան, Սուրիա, Իրաք, Օման, Պաղեստինեան պետութիւն, Լիբանան, Լիպիա, Եգիպտոս, Մարոք, Մաւրիտանիա եւ Եմէն:
Սօսի Փօլատեան նշեց նաեւ, որ Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան հիմնադրութիւնը գաղափարը իր կարգին նշուած է Արաբական լիկայի հրապարակած Գահիրէի յայտարարութեան մէջ, ուր բառացիօրէն նշուած է, թէ արաբական երկիրներու մէջ կիները պէտք է համախմբուին եւ անոնց իրաւունքներ տրուին, որպէսզի անոնք հետզհետէ հզօրանան:
Խօսելով կազմակերպութեան աշխատանքներուն ծաւալումին եւ անկէ բխած որոշումներուն մասին` Սօսի Փօլատեան նշեց, որ 2006-ին Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութիւնը որոշած է երկամեայ հերթականութեամբ համագումարներ կատարել եւ առիթ տալ կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն` ներկայացնելու իրենց երկիրներուն մէջ կիներու ազգային խորհուրդին իրականացուցած նուաճումներն ու յառաջդիմութիւնները:
«Այս որոշումին նպատակն է ըլլալ գործնական եւ լսելով իւրաքանչիւր երկրի զեկուցումը, կողմնորոշուիլ, թէ ինչպէս պէտք է զօրակցիլ արաբական աշխարհին մէջ կիներուն հզօրացման եւ օժանդակել` կատարելու համար անոնց կարիքները, տրամադրելով նիւթական գումարներ եւ արաբական երկիրներուն միջեւ փոխանակելով մասնագէտներ», ըսաւ ան:
Սօսի Փօլատեան նշեց, որ կազմակերպութեան Ա. համագումարը տեղի ունեցաւ 2006-ին Պահրէյնի մէջ, «Կազմակերպութեան հիմնումէն վեց տարի ետք անոր յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները» խորագիրին տակ: 2008-ին, Բ. համագումարը կայացաւ Ապու Տապիի մէջ, կրելով` «Արաբական եւ համաշխարհային տեսանկիւնէն դիտելով, կինը` մարդկային ապահովութեան սահմաններուն մէջ»:
2010-ին, Գ. համագումարը կայացաւ Թունուզի մէջ, «Կնոջ մասնակցութիւնը եւ անոր դերակատարութիւնը ընդհանուր բարգաւաճման մէջ» խորագիրին տակ:
2013-ին Ալճերիոյ մէջ կայացաւ Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան Դ. համագումարը, որուն ընդհանուր թեման հետեւեալն էր. «Արաբական աշխարհին մէջ կնոջական գործունէութեան կապալառութիւնը` իբրեւ առաջնորդութիւն եւ բարգաւաճում»:
Սօսի Փօլատեան նշեց, որ այս համագումարին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար չորս անհատներէ` Լիբանանի ներկայացուցիչ Ֆատիա Քիուանը, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի երկու անդամներ Սօսի Փօլատեան եւ Նաժուա Ռամատան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան մաս կազմող կնոջական խորհուրդի ատենապետ Ժամալ Հերմէզ:
Անդրադառնալով Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան համագումարին արդիւնքներուն, Ս. Փօլատեան շեշտեց, որ անիկա եռօրեայ յաջող համագումար մըն էր, որուն Լիբանան իր գործնական մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ իր ունեցած փորձառութիւններով:
«Այդ համագումարին էր, որ Լիբանան ներկայացաւ իր յաջողութիւններով եւ հպարտալի փորձառութեամբ: Երկրագործութեան մարզի բարգաւաճման առումով մասնագիտուհի տոքթ. Պաթուլ ներկայացուց այդ մարզին բարգաւաճման վերաբերող նոր օրէնքներ մշակելու կարեւորութիւնը եւ արաբական այլ երկիրներու փոխանցեց Լիբանանի ունեցած փորձառութիւնը: Մեզի ընկերակցեցաւ նաեւ լիբանանցի երիտասարդուհի մը` Հընտ Հըպէյքա, որ հնարած է պզտիկ գործիք մը` «Ինսթապիթ», որ մարմինին վրայ կարելի է զետեղել եւ լողալու ընթացքին սրտի զարկերը չափել: Այդ գործիքը միջազգային չափանիշները կ՛ամբողջացնէ եւ ամերիկեան վաւերացում ստանալով վերածուած է արտադրութեան մը, որուն արտադրիչ ընկերութեան տէրը ինքն է», ըսաւ Սօսի Փօլատեան` աւելցնելով, որ Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ տրամադրուած Արաբ կնոջ մասին տեղեկատուական լաւագոյն յայտագիրի մրցանակը նաեւ շահեցաւ լիբանանցի կին լրագրող Մունա Պլայպելը:
Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութեան Դ. համագումարէն բխած որոշումներուն մասին խօսելով` Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ այդ համագումարին վաւերացուցած հիմնական բանաձեւերէն է արաբական աշխարհին մէջ փոփոխութիւններ եւ նորարարութիւններ յառաջացնելու անհրաժեշտութիւնը, որուն նկատմամբ կազմակերպութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ:
Այդ բանաձեւերէն էին նաեւ հողագործութեամբ զբաղող կիներուն դրամական փոքր վարկերու յատկացումներ շնորհել, որպէսզի ան իր աշխատանքը բարգաւաճեցնէ եւ անոր զուգահեռ ուսում ստանայ եւ զարգանայ:
Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ կազմակերպութեան նուաճումներէն կը նկատուի նաեւ «Ալեֆ Պա» համակարգչային ծրագիրը, որ արաբական պետութիւններուն մէջ տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքներուն, ինքնութեան պատկանելիութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական իրաւունքներուն մասին տեղեկութիւններ կը տրամադրէ, նկատի առնելով իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնքներն ու զանազան յարանուանութիւնները:
Այս ծրագիրը պատրաստուեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ, իրաւաբանութեան դոկտ. Լէյլա Ազուրիի կողմէ:
Այս ծրագիրը գործածելու համար կարելի է այցելել www.arabwomenorg.org կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջը, ուր կարելի է գտնել բոլոր տեղեկութիւնները:




