Մեր Կիները. 8 Մարտ – Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

8 մարտը կիներու օրն է: Այս կը նշանակէ, որ կիներ կարիք ունին յարգանքի, գուրգուրանքի, իրաւունք պահպանելու եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու ոչ միայն ընտանեկան, ընկերային կեանքի մէջ, այլեւ քաղաքական, դիւանագիտական մարզերու մէջ: Կնոջ յանձնուած է ընդհանրապէս դաստիարակի, մանկավարժի դերակատարութիւն, զոր ան լաւ կը կատարէ: Եթէ նկատի առնենք լիբանանահայ մեր կրթական դաշտը, հոն կը տեսնենք իգական սեռի խիտ ներկայութիւն` իբրեւ ուսուցչուհի, տնօրէնուհի, մանկավարժ եւ դաստիարակ: Միութենական մեր շարքերուն մէջ կիներ ներկայ են իբրեւ վարչութեան անդամներ: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին մէջ եւս ունինք քանի մը կիներ, ինչպէս նաեւ աննշան թիւով կիներ` մեր դպրոցներու հոգաբարձու մարմիններու մէջ: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական կամ դիւանագիտական ոլորտին, հոս բացակայ են հայ կիները: Եթէ ակնարկ մը նետենք Լիբանանի խորհրդարանին անդամներուն, հոն ներկայ են քանի մը լիբանանցի կիներ: Այս մատնանշումը կատարելով` արդեօք պահանջներ պէ՞տք է ունենանք քաղաքական կեանքին մէջ դերեր ստանձնելու:

Այր եւ կնոջ հաւասար իրաւունքներու մասին կը խօսուի երկար տարիներէ ի վեր: Այս կապակցութեամբ այսօր հարց կու տանք. արդեօք կիները տակաւին չունեցա՞ն իրենց համահաւասարի վիճակը այր մարդուն դիմաց: Կը կարծենք, որ յառաջադէմ եւ քաղաքակիրթ աշխարհը լուծած է այս հարցը:

Լիբանանի կիներու միութիւնը կը հետապնդէ կիներու իրաւունքի տիրանալու հարցը, քաղաքացիութիւն շնորհելու օտարազգի հայր եւ լիբանանցի մայր ունեցող զաւակներու: Մեր պետութիւնը պէտք է լուծէ այս հարցը արդար կերպով: Այս պարագային կ՛արդարանայ կիներու հաւասարութիւն պահանջելու իրաւունքը:

Կիներու հաւասար իրաւունքներ պահանջելու հարցը պէտք չէ արգելակէ կամ վնասէ մեր ազգային աւանդութեան պահպանման: Ըսել կ՛ուզենք` պահպանումը: Աւետարանը կը յորդորէ եւ կը պատգամէ այր մարդուն դիրքը` իբրեւ ընտանիքին գլուխը: Կնոջ հնազանդութիւնը կը շեշտուի այս պարագային: Այր եւ կին ունին իրենց իւրայատուկ դերերը: Եթէ մէկը կամ միւսը խախտի, կը վտանգուի ընտանեկան առողջութիւնը:

Հայ կինը պէտք չէ ինքզինք բաղդատէ եւրոպացի կամ ամերիկացի կիներու հետ: Հայ կինը ունի իւրայատուկ ընտանեկան կառոյց: Նորելուկ  բարքերուն հետեւիլը ոչ մէկ օգուտ ունի մեր ընտանեկան կեանքին, զաւակներու դաստիարակութեան: Մենք ունինք մեր բարոյական հաւատամքը: Անկէ դուրս կորուստ է: Ափրիկէի կամ Ասիոյ խորերը ապրող կիները թող մտահոգուին, որովհետեւ անոնք ստրուկի կեանք մը կ՛ապրին: Հայ կինը իր ազատագրումը ունեցած է արդէն հինգերորդ դարէն: Վկայ Տիկնայք փափկասունք իմացումը, որ սքանչելի դաստիարակութեան կը մղէ հայ կինը:

Կիներու տօնին առիթով կը մաղթենք, որ բարձր մնայ հեղինակութիւնը հայ այր մարդուն, հայ հօր: Կնոջ ազատ կամքը ճնշումի առիթ պէտք չէ ըլլայ: Հայ կինը պէտք է համոզուած ըլլայ, թէ ինք ՀԱՅ ԿԻՆ է եւ ոչ` ամերիկացի կամ եւրոպացի, ոչ հնդիկ, ոչ ալ ափրիկեցի: Օտարամոլութեան հեւքը կը խանգարէ մեզ ու կը կարծենք, որ խանգարած է արդէն: Կիներու օրուան առիթով հայ կինը պէտք է ինքնաքննարկումի ենթարկէ իր վարքն ու համոզումները, թէ ի՞նչ տոկոսով կը շնչէ իր մէջ Տիկնայք փափկասունք ժառանգութիւնը:

Կիներու հաւասարութեան տիրանալու տենչը պէտք չէ վտանգէ այր մարդուն հեղինակութիւնը: Հայ կինը ստրուկ մը չէ եւ չէ եղած, որպէսզի ազատագրում պահանջէ:

Օրդ շնորհաւոր, հա՛յ կին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )